Վրաստանի մէջ պիտի կազմակերպուին Հայկական մշակոյթի օրեր

Վրաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին առիթով, 2026-ի Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն Վրաստանի մէջ պիտի կազմակերպուին Հայկական մշակոյթի օրեր։

Մշակութային ծրագրին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Հոկտեմբեր 7-ին, Թիֆլիսի մէջ՝ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի հանդիսաւոր համերգով։

Երաժշտական այս մեկնարկին զուգահեռ, Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ պիտի բացուի նաեւ հռչակաւոր հայ նկարիչ եւ քանդակագործ Երուանդ Քոչարի ստեղծագործութիւններուն ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 8։

Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի ա՛լ աւելի խորացնելու երկկողմանի մշակութային դիւանագիտութիւնը եւ արժեւորելու երկու դրացի երկիրներու հասարակաց արուեստի ժառանգութիւնը։