Պղինձը Հայաստանի համար քարիւղի համարժէք է

Արշաւիր Յովհաննիսեան

Հայաստանի ընդերքին պարունակած հարստութիւններն ու զանոնք տնտեսական արժէքի վերածելու ուղղուած քայլերը կրնան թեքնիքական եւ արդիւնաբերական թռիչքի մեկնակէտ դառնալ մեր երկրին համար։ Պղինձ, մոլիպտէն, հազուագիւտ եւ կենսական նշանակութեան տարրեր․ այս բոլորը յառաջիկայ առնուազն քանի մը տասնամեակներուն մեծ պահանջարկ պիտի վայելեն աշխարհի մէջ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, Հայաստանի հարուստ ընդերքն ալ նոր ծաւալներով պիտի նպաստէ այդ հանքանիւթերու համաշխարհային մատակարարման

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկի՝ օգտակար հանածոներու բաժնի վարիչ Արշաւիր Յովհաննիսեան «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին նշած է, որ անկախութեան 35 տարիներուն Հայաստանի մէջ միայն մէկ նոր հանքավայր՝ Ամուլսարը, յայտնաբերուած է։ Մինչդեռ երկրին մէջ կան բազմաթիւ հեռանկարային շրջաններ ու հանքային հետքեր մատնող վայրեր, որոնք տակաւին մանրամասնօրէն չեն  ուսումնասիրուած՝ ֆինանսական միջոցներու պակասին եւ, որոշ շրջաններու պարագային, նաեւ քաղաքական կամքի բացակայութեան պատճառով։

Յովհաննիսեանի համոզումով՝ առաջնահերթ անհրաժեշտութիւն է վերաթարմացնել ու թուայնացնել Հայաստանի երկրաբանական քարտէսները։ Գոյութիւն ունեցող քարտէսները մասնագիտական արժէք ունին, սակայն արդէն հինցած են։ Անոր գնահատումով՝ առնուազն 1։200 000 համեմատութեամբ նոր քարտէսներ պատրաստելու համար անհրաժեշտ է շուրջ 100 միլիոն դրամ։ Այս աշխատանքը, ըստ անոր, պէտք է ստանձնէ պետութիւնը, քանի որ ընդերքը պետական սեփականութիւն է, եւ պետութիւնը պէտք է տիրապետէ անոր վերաբերող ամբողջական տեղեկութեան։

Ներկայիս ամէնէն պահանջուած թանկարծէք նիւթերն են ոսկին, արծաթը, պղինձը, մոլիպտէնը, կապարն ու ցինկը, սակայն հետզհետէ աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ստանան նաեւ արդի բարձր արհեստագիտութեան համար անհրաժեշտ մետաղներն ու հանքային տարրերը։ Յովհաննիսեան կը շեշտէ, որ հազուագիւտ տարրերն ու արդիւնաբերութեան համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հանքային տարրերը նոյնը չեն․ օրինակ՝ պղինձը հազուագիւտ չէ, սակայն առանց անոր կարելի չէ պատկերացնել ելեկտրական շարժիչները, մարտկոցներն ու արդի ելեկտրական համակարգերը։

Պղինձի ներկայ պաշարները, անոր գնահատումով, կրնան բաւել շուրջ 50-100 տարի, եթէ նոր պաշարներ չյայտնաբերուին։ Սակայն Յովհաննիսեան համոզուած է, որ նոր յայտնաբերումներու կարելիութիւն կայ, մանաւանդ որ շուրջ երեքուկէս տասնամեակէ ի վեր չեն կատարուած համակարգուած որոնումներ։ Ան նաեւ կը մատնանշէ համաշխարհային պահանջարկի կտրուկ աճը. սովորական ինքնաշարժ մը արտադրելու համար կը գործածուի շուրջ 10-15 քիլոկրամ պղինձ, մինչ ելեկտրական ինքնաշարժի մը մէջ այդ քանակը կրնայ անցնիլ 50 քիլոկրամը։ “Որոշ երկիրներու համար քարիւղը ինչ որ է, մեզի համար ալ պղինձը նո՛յնն է”,– կ՚ընդգծէ ան՝ այսօր անփոխարինելի կարեւորութիւն ունեցող մետաղ նկատելով պղինձը։

Ինչ կը վերաբերի հազուագիւտ տարրերուն, ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին լիթիումի, սելենի, թելուրի եւ ռենիումի հանքային գոյացումներու կարելիութեան շուրջ, մինչ աւելի քան քսան այլ տարրեր Հայաստանի մէջ գրեթէ չեն ուսումնասիրուած։ Յովհաննիսեան կը շեշտէ նաեւ ներդրողներուն վստահութիւն ներշնչելու անհրաժեշտութիւնը՝ յիշեցնելով Ամուլսարի փորձը, ուր հարիւրաւոր միլիոն տոլարի ներդրումէն ետք աշխատանքները տարիներով կասեցուած մնացին։

Ուրանիումի պարագային մասնագէտը կը յստակացնէ, որ Հայաստանի մէջ ճշդուած պաշարներով հանքավայր գոյութիւն չունի։ Նախկին ուսումնասիրութիւններու ընթացքին արձանագրուած են միայն ուրանիումի հանքային հետքեր, որոնց քանակն ու որակը տակաւին ճշդուած չեն։ Նոյնպէս՝ քարիւղի ու բնական կազի նշանակալի պաշարներ յայտնաբերելու հեռանկարը ան իրատեսական չի նկատեր. Հայաստանի երկրաբանական կազմութիւնը, ըստ անոր, մեծ ծաւալի ածխաջրածիններու գոյութիւնը քիչ հաւանական կը դարձնէ։ Ուստի ան կը թելադրէ կեդրոնանալ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող պղինձի, մոլիպտէնի, ոսկիի եւ դեռ քիչ ուսումնասիրուած հազուագիւտ տարրերու վրայ։

Յովհաննիսեան մտահոգիչ կը նկատէ նաեւ Արարատեան դաշտի ստորերկրեայ ջուրերու վիճակը։ Անոր համաձայն՝ պաշարները խիստ նուազած են, խորունկ հորերը հետզհետէ կը չորնան, իսկ ջուրերու ներկայ գործածութիւնը ապագայի համար լուրջ վտանգ կը ստեղծէ։ Յատկապէս կը քննադատէ ձկնաբուծութեան մէջ ստորերկրեայ ջուրերու մեծ ծաւալով գործածութիւնը։

Յառաջիկայ տարիներուն, եթէ պետութիւնը ապահովէ ուսումնասիրութիւններու եւ ներդրումներու անհրաժեշտ պայմանները, Հայաստանը կրնայ շատ աւելի յստակ պատկերացում կազմել իր ընդերքին մէջ գտնուող հազուագիւտ եւ արդիւնաբերութեան համար կենսական նշանակութիւն ունեցող տարրերուն մասին։ Յովհաննիսեան կը նշէ նաեւ գորշ ածուխի, այրելի թերթաքարերու եւ կուպրակիր ապարներու (roches bitumineuses) ուսումնասիրութեան կարելիութիւնը։ Թէեւ իբրեւ վառելիք անոնք բարձր որակ չունին, բայց եւ այնպէս անոնց մէջ յայտնաբերուած են ոսկի, արծաթ եւ ռենիում։ Կարելի է հետագային ուսումնասիրել նաեւ անոնցմէ ջրածին ու հելիում ստանալու կարելիութիւնը։ Այդ ուղղութեամբ Յովհաննիսեան արդէն դիմած է Գիտութեան կոմիտէին՝ յուսալով 2027-ին հինգ տարուան ուսումնասիրութեան համար դրամաշնորհ ստանալ։