Ֆրանսական համալսարանի շուրջ 500 շրջանաւարտներ ստացած են իրենց վկայականները

g1diu8vpFPMbB1Jy1uh35gL0EAzZ1srW5ebMBesy

Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի 2026-ի շուրջ 500 շրջանաւարտներ Սեպտեմբեր 29-ին Երեւանի Օփերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ ստացած են իրենց աւարտական վկայականները։ Այս տարուան շրջանաւարտներու հունձքը կը կրէ Միսաք Մանուշեանի անունը։

Համալսարանի տնօրէն Սալվա Նաքուզի իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ ուսանողները համալսարանէն կը մեկնին ոչ միայն մասնագիտական գիտելիքներով, այլեւ քննադատական մտածողութեամբ, վերլուծելու կարողութեամբ եւ փոփոխուող պայմաններուն յարմարելու պատրաստակամութեամբ։ Ան յատկապէս ընդգծած է, որ արհեստական բանականութեան արագ զարգացման դարաշրջանին մարդկային դատողութիւնը, պատասխանատւութիւնը, ստեղծագործ միտքն ու զօրակցութեան կամքը անփոխարինելի արժէքներ կը մնան։

Նաքուզի նաեւ անդրադարձած է Միսաք Մանուշեանին՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ քաջութեան, նուիրումի եւ դիմադրութեան խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ պատմական կապերու մարմնաւորում։ 

Ֆրանսայի դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէ իր կարգին շեշտած է, որ շրջանաւարտները կը ստանան հայկական եւ ֆրանսական կրկնակի վկայականներ՝ Լիոն 3 եւ Թուլուզ համալսարաններու մասնակցութեամբ։ Ան նաեւ նշած է, որ Ֆրանսական համալսարանի շրջանաւարտներուն շուրջ 97 առ հարիւրը աշխատանքի կ՚անցնի ուսումը աւարտելէ անմիջապէս ետք։ 

Հանդիսութեան ընթացքին շնորհուած են նաեւ ուսանողական մրցանակներ՝ հասարակական մասնակցութեան, նորարարութեան, առաջնորդութեան եւ համալսարանական կեանքին ներգրաւման համար։