Ալիեւ եւ Լուքաշէնքօ կատակած են Փաշինեանի հետ. «Այլեւս մեզ բաժնել չ՚ըլլար»

ՀԱՊ-ի նիստ

Թուրքմէնիստանի մէջ ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի, Իլհամ Ալիեւի եւ Ալեքսանտր Լուքաշէնքոյի միջեւ կարճ, կատակախառն զրոյց մը արձանագրուած է տեսախցիկներուն կողմէ։

Խմբային լուսանկարէն առաջ Ալիեւ, դիմելով Փաշինեանին, կիսակատակ ըսած է. «Այլեւս մեզ բաժնել չ՚ըլլար», իսկ Լուքաշէնքօ աւելցուցած է. «Մեզմէ ո՞ւր պիտի փախչի»։

Նախորդ օրը Փաշինեանն ու Ալիեւը եւս տեսանկարահանուած էին սեղանի շուրջ ոչ-պաշտօնական զրոյցի մը ընթացքին, սակայն անոնց խօսակցութեան բովանդակութիւնը լսելի չէր։

Փաշինեան, որ երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Թուրքմէնիստան կը գտնուէր, Հոկտեմբեր 9-ի առաւօտեան հեծանիւով շրջած էր Թուրքմէնպաշիի (նախապէս՝ Քրասնովոտսք) մէջ եւ տեսանիւթ հրապարակած՝ ազերպայճանցի երգչուհի Զէյնապ Հասանիի «Aram Aram» երգին ուղեկցութեամբ։

ԱՊՀ-ի ղեկավարները իրենց նիստը գումարած են Աւազա հանգստավայրին մէջ։ Հանդիպման առաջին անգամ, իբրեւ յատուկ հիւր, մասնակցած է նաեւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան։

Նախորդ օրը ղեկավարները ներկայ գտնուած էին նաեւ ազգային մշակոյթի եւ խոհանոցի փառատօնին։ Հայաստանի տաղաւարը, ազգային ուտեստներու, տարազներու եւ պարերու կողքին, ներկայացուցած էր նաեւ ISiL անունով պարող ռոպոթ մը, մինչ Ազերպայճանի տաղաւարին մէջ, ազերպայճանական աղբիւրներու համաձայն, ներկայացուած էր «19-րդ դարու ղարաբաղեան տան ներքնամասի վերարտադրութիւն»։