Ֆրանսայի դեսպանը Վանաձորի մէջ հանդիպում ունեցած է «MELINEE» ծրագիրի շահառուներուն հետ

HAJ3lr3W4AAqVbO

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին այցելած է Վանաձորի «NGO Center», ուր հանդիպում եւ քննարկում ունեցած է «MELINEE» ծրագիրի շահառուներուն հետ։

Յայտնենք, որ Ֆրանսայի կողմէ գանձատրուող եւ Սթրազպուրկ քաղաքին հետ համագործակցութեամբ իրականացուող այս ծրագիրը ներշնչուած է Մելինէ Մանուշեանի կերպարէն։ Ան կը նպատակադրէ աջակցիլ կիներու աշխուժ ներգրաւման՝ քաղաքական եւ քաղաքացիական կեանքէն ներս։