Վենսը կնոջ հետ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ

Վենս-Ծիծեռնակաբերդ

ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս, իր կնոջ՝ Ուշա Վենսի ընկերակցութեամբ, այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Անվտանգութեան նկատառումներով՝ ոստիկանութիւնը փակած է յուշահամալիր տանող բոլոր ճամբաները։

Փոխնախագահը դիմաւորած են Կրթութեան, գիսութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեանը եւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ գործերու առժամեայ հաւատարմատար Տեյվիտ Ալէնը։

Վենս գրառում կատարած է Պատուոյ այցելուներու յուշամատեանին մէջ՝ նշելով. «Կորսուած կեանքերու հանդէպ խորին յարգանքով՝ մենք կը պատուենք հայ ժողովուրդի տոկունութիւնն ու անսասան ոգին։ Թող Ամերիկան եւ Հայաստանը միասին ձգտին խաղաղութեան եւ փոխըմբռնման ապագային»։