Դատախազութիւնը կը պահանջէ Իշխան Սաղաթէլեանէն բռնագանձել 5 անշարժ եւ 5 շարժական գոյք, շուրջ 266 միլիոն դրամ
Փետրուար 10-ին, Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Հակակոռուպցիոն (Եղծանման դէմ պայքարի) դատարանը դատական գործընթացի ձեռնարկած է Ազգային ժողովի երեսփոխան, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի եւ անոր հետ մօտէն կապ ունեցող անձերուն պատկանող գոյքի բռնագանձման պահանջով։
Ահաւասիկ մանրամասնութիւնները, թէ դատախազութիւնը ի՛նչ կը պահանջէ բռնագանձել յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան.
- 5 անշարժ գոյք (հողամասեր, շինութիւններ)․
- 5 փոխադրամիջոց (ինքնաշարժներ)․
- Մասնակցութիւն 3 իրաւաբանական անձերու (ընկերութիւններու բաժնեթուղթեր)․
- 264 միլիոն 516 հազար դրամ (մօտաւորապէս 650-700 հազար տոլար)՝ իբրեւ ապօրինի դրամական միջոցներու մնացորդ․
- 2 միլիոն 914 հազար դրամ, որ ըստ դատախազութեան՝ չի հիմնաւորուիր օրինական եկամուտներով, ունի ապօրինի ծագում։
Ընդհանուր առմամբ, դատախազութիւնը կը պահանջէ բռնագանձել շուրջ 700.000 տոլարի համարժէք գոյք եւ գրեթէ նոյնքանի հասնող ալ կանխիկ դրամ։
Իշխան Սաղաթէլեանի հակազդեցութիւնը
Դեկտեմբեր 2025-ի վերջաւորութեան արդէն, երբ Սաղաթէլեանն ու իր ընտանիքի անդամները (կինը, հայրը եւ այլ հարազատներ) ծանուցում ստացած էին դատախազութենէն, Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարած էր, որ այս գործընթացը քաղաքական հետապնդում է։ Ան նշած էր, որ այդ գոյքը ստեղծուած է իր եւ իր ընտանիքի երկար տարիներու աշխատանքով եւ որեւէ ապօրինի բան չկայ, իսկ իշխանութիւնը կը փորձէ զինք լռեցնել՝ թիրախաւորելով իր ընտանիքը։