Աստղագէտ Վլատիմիր Հայրապետեան՝ ՆԱՍԱ-ի Goddard Center Director’s Award-ի դափնեկիր
Բիւրականի աստղադիտարանի արտասահմանեան խորհրդատու, աստղագէտ Վլատիմիր Հայրապետեան 2025 թուականին իրականացուցած գիտական գործունէութեան համար արժանացած է ՆԱՍԱ-ի Կոտարտի տիեզերական թռիչքներու կեդրոնի տնօրէններու մրցանակին (Goddard Center Director’s Award)։
Հայ գիտնականը մրցանակին արժանացած է արեգակնային-աստղային ֆիզիկայի ոլորտին մէջ արձանագրած բացառիկ յառաջընթացին համար։ Ան յաջողած է ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս երիտասարդ Արեգակէն բխող հզօր պայթումները կրնային խթանել կեանքի կառուցողական տարրերու ձեւաւորումը վաղ Երկրագունդին վրայ։
Հայրապետեան ՆԱՍԱ-ի Կոտարտի կեդրոնի աւագ գիտաշխատող է։ Վերջերս անոր աշխատութիւնները հրապարակուած են Nature Astronomy հանդէսին մէջ։