Հակառակ շրջանը ալեկոծող փոթորիկներուն՝ Սրբոց Վարդանանց յիշատակի օր Քեսապի մէջ
Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2026-ի կէսօրին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցած է Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց նուիրուած հանդիսաւոր տօնակատարութիւն՝ հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Քեսապի հայ երեք համայնքներուն։
Օրուան խորհուրդն ու պատգամը հաղորդած է Հայր Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանը, որ վեր առած է Վարդանանց հերոսամարտի պատմական եւ հոգեւոր նշանակութիւնը՝ շեշտելով հաւատքի ու հայրենիքի համար մղուած պայքարի արդիականութիւնը։ “Վարդանանց մահը կորստեան ճանապարհ մը չեղաւ, այլ՝ յարութեան յաւերժական ուղի մը»,— նշած է Հայր սուրբը՝ կոչ ընելով ներկաներուն հաւատարիմ մնալու նախնեաց ուխտին։
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկած են Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանի եւ Հայ Աւետարանական Նահատակաց միացեալ վարժարանի աշակերտները՝ ներկայացնելով «կենդանի պատկեր», ասմունքներ եւ երգեր։ Ելոյթ ունեցած են նաեւ Հայ Աւետ. Միսաքեան մշակութային կեդրոնի սաները եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը՝ նուագներով եւ խմբերգերով։
Ձեռնարկը եզրափակուած է Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Եսայի վրդ. Էօրտէքեանի պատգամով եւ «Պահպանիչ»-ով։