ՊԱՂՏԱՏ – Վարդանանց տօնակատարութիւն՝ Ս. Նարեկ մայր տաճարէն ներս

Պաղտատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 12-ին, Պաղտատի Ս. Նարեկ Հայ կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուած է Սրբոց Վարդանանց տօնը՝ հանդիսապետութեամբ Թեմի առաջնորդ Ներսէս արք. Զապարեանի։

Օրուան Ս. պատարագը մատուցած է Մովսէս վրդ. Տօնանեան, որ իր քարոզին մէջ հրաւիրած է հաւատացեալները՝ ներշնչուելու Վարդանանց հերոսական ոգիով եւ հաւատարիմ մնալու անոնց կտակին՝ ի տես ազգային գոյութեան սպառնացող վտանգներուն։ Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերած է եկեղեցւոյ երգչախումբը՝ «Նորահրաշ» եւ «Արիացեալք» շարականներու կատարումով։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն, ուր ներկաները համախմբուած են Վարդանանց խորհուրդին շուրջ։