Կաթողիկոսին դէմ քրէական վարոյթ յարուցուած է. անոր արգիլուած է երկրէն մեկնիլ

կաթողիկոս

Հայաստանի դատախազութիւնը Փետրուար 14-ին քրէական հետապնդում յարուցած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսին դէմ՝ Գէորգ եպիսկ. Սարոյեանի հետ կապուած դատական վճիռի գործադրութիւնը խոչընդոտելու մեղադրանքով։ Այս մասին կը յայտնէ Կաթողիկոսին փաստաբանը Արա Զօհրապեան։

Արգիլուած է Վեհափառ Հայրապետին ելքը Հայաստանէն, որով փորձ կը կատարուի ձախողեցնել Աւստրիոյ մէջ կայանալիք Եպիսկոպոսաց ժողովը”,— նշած է Զօհրապեան՝ աւելցնելով. “Վարչապետը երէկ յայտարարած էր, որ թոյլ պիտի չտայ, որ Կաթողիկոսութիւնը Հայաստանէն դուրս ելլէ։ Ակնյայտ էր, որ այդ յայտարարութենէն ետք պիտի յաջորդէին այսպիսի գործողութիւններ”։

Դատախազութիւնը կը մերժէ այս առնչութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւն հաղորդել։

Նախորդ օր, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ «թոյլ պիտի չտայ Կաթողիկոսութիւնը Հայաստանէն դուրս տանելու»։ Վարչապետը նշած էր, թէ տեղեկութիւն ունի, որ կ՚ուզեն Կաթողիկոսութիւնը տեղափոխել, եւ նախորդ օր հրապարակուած նամակը ստորագրողներն ալ ա՛յդ է ,որ կը փորձեն կազմակերպել։ Սփիւռքի շարք մը ներկայացուցիչներ յայտարարած էին, թէ եկեղեցւոյ ղեկավարութեան վրայ «հետեւողական յարձակումները եւ անոր առաջնորդին հարկադրական հեռացման սպառնալիքները» ուղղակի վտանգ են աշխարհի բոլոր հայերուն համար։

Նշենք, որ Փետրուար 16-19 Աւստրիոյ մէջ նախատեսուած է Եպիսկոպոսաց ժողովը։