Ալիեւ. «Խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ միայն Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք»
Screenshot
Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրկին յառաջ քշած է ՀՀ Սահմանադրութեան հարցը՝ զայն նկատելով Խաղաղութեան վերջնական պայմանագրի ստորագրման հիմնական խոչընդոտը։ Ան յայտարարած է, որ Պաքու պատրաստ է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելէ ետք միայն։
Միւնիխի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Ալիեւ նշած է, որ գործընթացը կախեալ է հայկական կողմէն։ Անոր պնդումով՝ Սահմանադրութենէն պէտք է ջնջուին Ազերպայճանի նկատմամբ հողային պահանջները, եւ այդ փոփոխութիւններէն ետք պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ «նոյն օրն իսկ»։
Ալիեւ նաեւ նշած է, որ իր գնահատումով՝ կողմերուն միջեւ արդէն իսկ տէ ֆաքթօ (փաստացի) խաղաղութիւն հաստատուած է։