Աւստրիոյ մէջ հաւաքուած եպիսկոպոսներու յայտարարութիւնը.
«Կոչ կ’ընենք իշխանութիւններուն դադրեցնելու Եկեղեցւոյ հանդէպ հալածանքները»
Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հրաւէրով եւ օրհնութեամբ Աւստրիոյ Սանքթ Փէօլթըն քաղաքին մէջ Փետրուար 17-19 գումարուած Եպիսկոպոսաց հաւաքը աւարտած է իր աշխատանքները։ Աւարտին, ժողովականները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Մենք՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան եւ Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան քսանհինգ եպիսկոպոսներս, գոհութիւն եւ փառք կը մատուցենք Երկնաւոր Տիրոջ, որ շնորհքը պարգեւեց մեզի Մեծի Պահոց շրջանի սկիզբը աղօթական միութեամբ վերանորոգելու Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ կնքած եպիսկոպոսական մեր ուխտը եւ հոգեւոր առանձնացումով զօրանալու մեր սրբազան կոչումին մէջ՝ ներկայ խռովայոյզ ժամանակներուն աւելի՛ նախանձախնդրութեամբ եւ պատասխանատւութեամբ շարունակելու արդիւնաւորել մեր առաքելութիւնը՝ ի խնդիր Հայաստանեայց առաքելական մեր Սուրբ եկեղեցւոյ պայծառութեան, աշխարհասփիւռ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի հաւատքի ամրապնդման եւ հոգեւոր կեանքի զօրացման։
Որդիական մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, որուն հայրական հրաւէրով հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ ծառայող եպիսկոպոսներս համախմբուած ենք՝ միասնաբար խորհրդածելու Հայոց եկեղեցւոյ առջեւ ցցուած մարտահրաւէրներուն շուրջ եւ լուծումներ գտնելու զանոնք յաղթահարելու ուղղութեամբ։
Խոր մտահոգութեամբ ու դատապարտումով կ՚արձանագրենք, որ քրէական անհիմն հետապնդման պատճառով արգիլուեցաւ Հայոց հովուապետին եւ մեր վեց եպիսկոպոս եղբայրներուն ելքը Հայաստանէն եւ մասնակցութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս պատկառելի հաւաքին։ Արհեստականօրէն ստեղծուած այս խոչընդոտին պատճառով մենք հարկադրուած էինք տեսակապի միջոցով ունկնդիր ըլլալու Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հայրապետական պատգամին։ Սոյն հաւաքին իրենց ուղերձները յղած էին նաեւ Նուիրապետական մեր միւս Աթոռներու գահակալները՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նորին Ամենապատւութիւն Տէր Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանը եւ Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Նորին Ամենապատւութիւն Տէր Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։
Եպիսկոպոսաց հաւաքը իր եռօրեայ նիստերու ընթացքին քննութեան առաւ օրակարգին մէջ ընդգրկուած հետեւեալ նիւթերը՝
- «Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը արդի ժամանակաշրջանին մէջ եւ առկայ մարտահրաւէրները հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ» (զեկուցող՝ Տ․ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան),
- «Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ կացութիւնը եւ Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած վիճակը Հայաստանի մէջ» (զեկուցող՝ Տ․ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեան),
- «Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան պաշտպանութիւնը քաղաքական շահարկումներէ եւ ստեղծուած վիճակի յաղթահարման ուղիները» (զեկուցող՝ Տ․ Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեան)։
Եղբայրական սիրոյ ու փոխհասկացողութեան մթնոլորտի մէջ բովանդակային, կառուցողական քննարկումներէ ետք Եպիսկոպոսաց հաւաքի մասնակիցներս վճռականօրէն կը վերահաստատենք մեր Սուրբ եկեղեցւոյ աւանդութեամբ ու բազմադարեայ փորձառութեամբ նուիրագործուած կարգերն ու սկզբունքները հոգեփրկչական իր առաքելութեան, այլեւ համազգային եւ հայրենական կեանքի առնչութեամբ՝ ի մասնաւորի արձանագրելով, որ՝
ա․ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալներու քարոզչութեամբ հիմնադրուած Հայոց եկեղեցւոյ գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է (Եփես. Ա 22)։ Տէրունահաստատ այս կառոյցը կը ղեկավարուի Սուրբ Գիրքով, Եկեղեցւոյ վարդապետութեամբ ու կանոններով եւ առաքելական յաջորդականութեան սկզբունքով՝ Հայոց հայրապետերու հովուապետութեամբ։ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ կ՚ընդգրկէ ազգիս զաւակներուն հոգեւոր խնամքն ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան պահպանումը։
բ․ Բազմադարեայ իր պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ Հայոց եկեղեցին, որպէս «կենդանի Աստուծոյ եկեղեցի, սիւն եւ հաստատութիւն ճշմարտութեան» (Ա Տիմ. Գ 15), ժամանակի պահանջներուն համահունչ, ներքին բարենորոգութեամբ միշտ կենսունակ պահած է Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելու եւ ժողովուրդը դէպի փրկութիւն առաջնորդելու իր բուն առաքելութիւնը։
գ․ Միաժամանակ Հայոց եկեղեցին, որպէս համազգային նշանակութեան հնագոյն հաստատութիւն, մշտապէս ջատագովը եղած է հայոց անկախ պետականութեան գոյութեան եւ առաւելագոյն չափով սատարած ու այսօր եւս կը շարունակէ նպաստել անոր զօրացման ու յառաջընթացին՝ անխախտ համոզումով, որ հայրենի պետութիւնն է պաշտպանն ու երաշխաւորը հայ ժողովուրդի յարատեւութեան եւ ազգային իղձերու իրականացման։ Այդ ճանապարհին Հայոց եկեղեցին երբեք չէ ծառայած եւ չի ծառայեր օտար ուժերու կամ արտաքին շահերու, այլ իր հաւատարմութիւնը անսակարկ պահած է բացառապէս հայ ժողովուրդին, անոր պետականութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան հանդէպ։
Այս համածիրին մէջ եպիսկոպոսաց դասը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու անցանկալի ներկայ կացութեան առնչութեամբ եւ վտանգաշատ այս իրադրութեան մէջ կոչ կ՚ընէ ՀՀ իշխանութիւններուն՝
- դադրեցնելու Եկեղեցւոյ հանդէպ հալածանքները եւ յարգել Եկեղեցւոյ դարերով ամրագրուած ինքնիշխանութիւնն ու ինքնավարութիւնը՝ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները խարսխելով փոխադարձ յարգանքի, իրաւասութիւններու յստակ տարանջատման եւ ազգային շահի առաջնահերթութեան վրայ,
- վերջ տալու շինծու մեղադրանքներով ու զրպարտութիւններով եկեղեցականներու ու ազգընտիր Ամենայն Հայոց Հայրապետին նկատմամբ բռնաճնշումներուն,
- ազատ արձակելու կալանաւորուած չորս սրբազան մեր եղբայրները, քահանան, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան ի նպաստ հանդէս եկած հայորդիները,
- գործելու բացառաբար ՀՀ Սահմանադրութեամբ, օրէնսդրութեամբ եւ միջազգային օրէնքներով եւ հաւատարիմ մնալու հռչակուած ժողովրդավարական սկզբունքներուն՝ երաշխաւորելով երկրին մէջ խղճի, կրօնի եւ դաւանանքի ազատութիւնը, պառակտման փոխարէն ապահովելով հասարակական համերաշխութիւն,
- առկայ խնդիրներն ու հակառակութիւնները փարատելու երկխօսութեան ոգիով, առանց նախապայմաններու՝ զերծ մնալով անհեռանկար վերջնագրային խօսոյթէն։
Եպիսկոպոսաց հաւաքի մասնակիցներս միաժամանակ կը յորդորենք խոտորեալ ութ սրբազաններուն՝
- գործել Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հանդէպ հաւատարմութեան ուխտի եւ ծառայական կոչումի գիտակցութեամբ,
- ներեկեղեցական կեանքին առնչուող խնդիրները արծարծել եւ լուծել բացառապէս Եկեղեցւոյ լիազօր ատեաններուն մէջ,
- ձեռնպահ մնալ հակականոնական գործողութիւններէ, ջլատող քայլերէ ու անջատողական դրսեւորումներէ, որոնք կը սպառնան յառաջացնել հերձուած՝ տկարացնելով Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մեր հաւատացեալ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Այս շրջագիծին մէջ Սուրբ պատարագներուն Վեհափառ հայրապետի անուան յիշատակութեան հատուածի զեղչումը որեւէ հիմնաւորումով եկեղեցաբանօրէն ընդունելի չէ եւ ուղիղ հարուած է Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան եւ Հայոց եկեղեցւոյ միասնութեան։
Անընդունելի նկատելով արտաքին պարտադրանքի ներքոյ բարենորոգման որեւէ շարժում՝ հրամայական անհրաժեշտութիւն կը նկատենք Հայ եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ բարեկարգութեան աշխատանքները իրականացնել միմիայն եպիսկոպոսաց ժողովին եւ եկեղեցական կանոնական բարձրագոյն մարմիններուն մէջ։
Հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներս կը վերահաստատենք մեր հաւատարմութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին՝ որպէս տեսանելի խորհրդանիշ եւ երաշխիք Եկեղեցւոյ միութեան, հաշտութեան ու համերաշխութեան, քանզի «Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, այլ՝ խաղաղութեան» (Ա Կորնթ. ԺԴ 33)։
Հայոց Հովուապետի օրհնութեամբ յանձնառու ենք եպիսկոպոսաց ժողովի պարբերական գումարումով նպաստելու Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու քննութեան ու յաղթահարման, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մեր հոգեւոր սպասաւորութեան աւելի՛ զօրացման։
Մեր յորդորը կը յղենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ուխտապահ հոգեւոր դասին՝ անսասան մնալու իրենց կոչումին եւ ծառայութեան մէջ՝ «օրինակ ըլլալով հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով, մաքրութեամբ» (Ա Տիմ. Դ 12)։
Եկեղեցին պիտի անշեղօրէն շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը՝ անկախ արտաքին ճնշումներէ՝ հաւատարիմ մնալով Սուրբ Աւետարանին եւ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ ուղղափառ վարդապետութեան։
Այս առիթով կոչ կ’ուղղենք նաեւ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, որպէս Քրիստոսով «մէկ մարմին եւ մէկ հոգի» (Եփես. Դ 4), հաւատարիմ ու համախումբ մնալու Առաքելական մեր Սուրբ եկեղեցւոյ շուրջ եւ աղօթակցութեամբ ու նուիրումով, բարի գործերով շէնցնելու եւ պայծառացնելու ազգային ու հոգեւոր մեր անդաստանները։
Խորապէս մտահոգուած ըլլալով Պաքուի մէջ Արցախի ղեկավարութեան նկատմամբ իրականացուած կեղծ դատավարութեամբ եւ անօրինական վճիռներով՝ մեր կոչը կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան եւ Քոյր եկեղեցիներուն շարունակելու ջանքեր ներդնելու պատանդառուած հայորդիներու շուտափոյթ ազատ արձակման ուղղութեամբ։
Ի խորոց սրտի մեր աղօթքն է, որ Բարին Աստուած, բարեխօսութեամբ Ս․ Աստուածածնի եւ ամենայն սրբոց, անսասան եւ անվրդով պահէ ու պահպանէ մեր Սուրբ եկեղեցին, զօրացնէ հայոց անկախ պետականութիւնը, խաղաղութեան եւ բարօրութեան մէջ առաջնորդէ կեանքը աշխարհասփիւռ հայոց ազգի։ Կը հայցենք, որ Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհին, բոլոր ազգերուն ու ժողովուրդներուն։
«Վերջապէս, եղբարք, ուրախ եղէք, կատարեալ եղէք, մխիթարուեցէք, միաբան եղէք եւ խաղաղութիւն ըրէք. եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ ըլլայ» (Բ Կոր․ ԺԴ 11)»։
Տ․ Խաժակ արք․ Պարսամեան
Տ. Յովնան արք․ Տէրտէրեան
Տ․ Վիգէն արք․ Այքազեան
Տ. Արամ արք․ Աթէշեան
Տ․ Եզրաս արք․ Ներսիսեան
Տ․ Աշոտ եպիսկ․ Մնացականեան
Տ․ Արմաշ եպիսկ․ Նալպանտեան
Տ. Արարատ եպիսկ. Գալթագճեան
Տ․ Մարկոս եպիսկ․ Յովհաննիսեան
Տ․ Յովակիմ եպիսկ․ Մանուկեան
Տ․ Տաթեւ եպիսկ․ Յակոբեան
Տ․ Նարեկ եպիսկ․ Պէրպէրեան
Տ․ Աբգար եպիսկ․ Յովակիմեան
Տ․ Սերովբէ եպիսկ․ Իսախանեան
Տ. Դանիէլ եպիսկ. Ֆընտըգեան
Տ․ Տիրան եպիսկ․ Պետրոսեան
Տ․ Օշական եպիսկ․ Կիւլկիւլեան
Տ. Թէոդորոս եպիսկ. Զաքարեան
Տ․ Մեսրոպ եպիսկ․ Պարսամեան
Տ․ Կորիւն եպիսկ․ Պաղտասարեան
Տ․ Կիրակոս եպիսկ․ Դաւթեան
Տ․ Առէն եպիսկ․ Շահէնեան
Տ․ Գրիգոր եպիսկ․ Խաչատրեան
Տ. Պարթեւ եպիսկ. Բարսեղեան
Տ․ Խորէն եպիսկ․ Առաքելեան
Նշենք, որ Նիկոլ Փաշինեանին միացած Յովնան արք. Տէրտէրեանը եւս ստորագրած է եպիսկոպոսաց՝ յաջակցութիւն Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հրապարակած յայտարարութիւնը։
