Նիկոլ Փաշինեանն ու Աննա Յակոբեանը պաշտօնականացուցած են իրենց միասնութիւնը

Փաշ-ամուսնութիւն

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր երկարամեայ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեանը, պաշտօնապէս արձանագրած են իրենց ամուսնութիւնը՝ օրինականացնելով 1990-ական թուականներու կէսերուն սկիզբ առած եւ գրեթէ երեք տասնամեակ է տեւող յարաբերութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք ունեցած են չորս զաւակ:

Զոյգը Փետրուար 17-ին կնքած է քաղաքացիական ամուսնութիւն: