Հայաստանի մէջ, արհեստագիտական մարզէն ներս ընկերութիւններու թիւի աննախադէպ աճ
Հայաստան կը շարունակէ ինքզինք հաստատել իբրեւ տարածաշրջանի արհեստագիտական կեդրոն։ Հայաստանի արհեստագիտական մարզէն ներս ընկերութիւններուն թիւը աննախադէպ աճ կ՚արձանագրէ։ 2024 թուականին արձանագրուած ընկերութիւններուն թիւը 8.396 էր։ 2025-ին այդ թիւը աւելի քան 43% բարձրանալով՝ հասած է 12.096-ի։ 2017-ին Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէին միայն 650 արհեստագիտական ընկերութիւններ։
Բարձր արհեստագիտութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանի համաձայն՝ անցեալ տարի մարզին շրջանառութիւնը կը գերազանցէր 1 թրիլիոն դրամը (2,65 միլիառ տոլար)։ Ոլորտին արտածման ծաւալը նոյնպէս կտրուկ աճ արձանագրած է. մինչ 2017-ին ան կը կազմէր 135 միլիառ դրամ, 2025-ին հասած է 702 միլիառ դրամի։
