Գեղասահքի մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչները գրաւեցին ընդհանուր դասաւորման 14-րդ դիրքը
Միլանօ-Գորթինայի մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցող Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը ներկայացնող Քարինա Ակոբովա–Նիքիթա Ռախմանին գեղասահորդներու զոյգը գրաւեց 14-րդ դիրքը այն 16 զոյգերուն մէջ, որոնք կարճ եւ պարտադիր ծրագրէն ետք որակուելով՝ իրաւունք ձեռք ձգած էին մասնակցելու ազատ ծրագրին:
Ազատ սահքի ընթացքին անոնք ելոյթ ունեցան «Slumdog Millionaire» ժապաւէնի երաժշտութեան ներքոյ: Ակոբովա եւ Ռախմանին գործեցին քանի մը սխալ, որոնք անկասկած ազդեցութիւն ունեցան անոնց վերջնական արդիւնքին վրայ: Հակառակ ատոր՝ զոյգը ամբողջացուց ծրագիրը եւ ազատ սահքին համար ստացաւ 114,39 միաւոր։ Հայաստանի ներկայացուցիչները նախապէս կարճ ծրագրի մրցոյթին ալ ստացած էին 66,27 միաւոր։ Երկուքին գումարով՝ 180,66 միաւորով Ակոբովա-Ռախմանին գրաւեցին վերջնական դասաւորման մէջ 14-րդ տեղը, ինչ որ պատուաբեր արդիւնք մըն է եթէ նկատի ունենանք, որ Հայաստան անկախութենէն ի վեր առաջին անգամ ձեռք ձգած էր Ողիմպիականներու գեղասահքի՝ զոյգերու մցաշարքին մասնակցելու իրաւունք։
