Ալիեւի թիկնապահները Ուաշինկթընի մէջ ծեծած են ընդդիմադիր ցուցարարները

Թիկնապահներ

Ազերպայճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջով բողոքի ցոյցի մասնակիցները յայտնած են, որ Փետրուար 19-ի կէսօրէն ետք իրենց վրայ յարձակած են նախագահ Ալիեւի թիկնապահները։ Այդ տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի Փենսիլվանիա պողոտայի «Waldorf Astoria» պանդոկին մօտ՝ Սպիտակ տունէն քանի մը թաղամաս հեռաւորութեան վրայ:

Իլհամ Ալիեւ, որ տասնամեակներէ ի վեր Ազրպէյճանի մէջ կը ճնշէ այլախոհութիւնը, Ուաշինկթըն կը գտնուէր՝ միւս համաշխարհային առաջնորդներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ մասնակցելու Տանըլտ Թրամփի նախաձեռնած «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ի հիմնադիր նիստին:

Տեղի ունեցածը կը յիշեցնէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի պահակախումբին առնչուած միջադէպերը։ 2017-ին անոր թիկնապահները ընդդէմ հայ ցուցարարներուն բախումներ հրահրած էին Ուաշինկթընի մէջ, թրքական դեսպանատան մօտ։ Տուժած էր տասնմէկ հոգի, որոնց շարքին՝ ոստիկան մը։ 2016-ին Էրտողանի պահակախումբը արդէն բախում ունեցած էր ցուցարարներուն հետ Ուաշինկթընի «Պրուքինկզ» (Brookings) հիմնարկին մօտ։