S&P Global Ratings-ը վերանայած է Հայաստանի վերաբերեալ կանխատեսումը՝ փոխելով զայն «դրական»-ի

S&P

«S&P Global Ratings» միջազգային վարկանիշային գործակալութիւնը Հայաստանի համար 2026-ին կը կանխատեսէ ՀՆԱ-ի (Համախառն ներքին արդիւնքի — PIB) 5,3 տոկոս աճ, իսկ 2027-ին՝ 4,8 տոկոս:

Գործակալութիւնը վերանայած է Հայաստանի վերաբերեալ իր կանխատեսումը:

S&P Global Ratings-ը 2026 Փետրուար 20-ին վերանայած է Հայաստանի վարկանիշի իր կանխատեսումը՝ «կայուն»-էն դարձնելով «դրական»։ Միաժամանակ, գործակալութիւնը հաստատած է երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ ինքնիշխան վարկային վարկանիշերը՝ արտարժոյթով եւ ազգային արժոյթով «BB-/B» մակարդակի վրայ:

«Դէպի “դրական” հեռանկարի վերանայումը կը ցոլացնէ մեր այն տեսակէտը, որ գոյութիւն ունի տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական եւ անվտանգութեան շարժընթացի բարելաւման ներուժ, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ դիւանագիտական եւ առեւտրային յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ հետագայ յառաջընթացի առումով»,– ըսուած է գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ:

S&P Global Ratings-ը Հայաստանի աճի հեռանկարները բարենպաստ կը նկատէ՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան (ԿԲ) միջազգային պահուստներու աւելի բարձր մակարդակն ու ճկուն փոխարժէքը պէտք է օգնեն մեղմացնելու հաւանական անսպասելի արտաքին ցնցումները։

«Մենք կը կանխատեսենք, որ Հայաստանի իրական ՀՆԱ-ն այս տարի պիտի աճի 5,3 տոկոս, իսկ 2027 թուականին՝ 4,8 տոկոս»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

2022-2025 թուականներուն Հայաստանի միջին աճը կազմած է բարձր՝ 7,8 տոկոս, ինչ որ S&P Global Ratings-ին կողմէ վարկանիշաւորուող 143 ինքնիշխան պետութիւններու շարքին ամէնէն արագ աճերէն մէկն է։

S&P Global Ratings-ը կը կանխատեսէ, որ աճը հիմնականին մէջ պիտի ըլլայ սպառման եւ մասնաւոր ներդրումներու վրայ հիմնուած:

S&P Global Ratings-ը կը կանխատեսէ նաեւ, որ պակասորդը (déficit) 2026-2029 թուականներու ընթացքին պիտի կազմէ միջին հաշուով ՀՆԱ-ի մօտ 3,3 տոկոսը: