ԻՍՐԱՅԷԼ – Վանդալական արարք. Հայֆայի մէջ պոկած են Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակին ցուցանակը
Իսրայէլի Հայֆա քաղաքին մէջ ցաւալի միջադէպ մը արձանագրուած է. անծանօթներ վանդալութեան ենթարկած եւ պոկած են Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակը ազդարարող փողոցային ցուցանակը։ Այս դէպքին մասին ահազանգած է Իսրայէլ բնակող հայ լրագրող Գեղամ Պալեանը՝ «X» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ կատարած գրառումով։ Ան նշած է, որ պատերազմի կիզակէտին, Հայֆայի մէջ գտնուող այս ցուցանակը դարձած է բարբարոսներու թիրախ եւ վար առնուած է:
Յիշեցնենք, որ այս հրապարակին պաշտօնական բացումը եւ ցուցանակին զետեղման արարողութիւնը տեղի ունեցած էին 2023 Մարտ 20-ին, Հայֆայի Պէն Կուրիոն 26ա հասցէին վրայ, խորհրդանշելով տեղւոյն հայ համայնքին եւ Ցեղասպանութեան զոհերու անմար յիշատակին հանդէպ յարգանքը։
Լրասփիւռները կը նկատեն նաեւ, որ հայկական յուշարձանին դէմ ուղղուած այս միջադէպը կը զուգադիպի քաղաքական չափազանց զգայուն ժամանակահատուածի մը. արարքը տեղի կ՚ունենայ ճիշդ այն օրերուն, երբ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ շղթայազերծուած յարձակումներէն ետք, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը պաշտօնական ցաւակցութիւն յայտնեցին իրենց իրանցի պաշտօնակիցներուն՝ ստեղծուած կացութեան առնչութեամբ։
