Բարձր արտադրողականութեամբ արհեստական բանականութեան սարքաւորումները հասած են Հայաստան
Հայաստանի Բարձրագոյն արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան տեղեկացուցած է, որ բարձր արտադրողականութեամբ արհեստական բանականութեան (ԱԲ — AI) սարքաւորումներու՝ մասնաւորապէս կրաֆիքական մշակման հանգոյցներու (GPU) առաջին խմբաքանակը արդէն իսկ մուտք գործած է երկիր։ Նախարարը իր դիմագիրքեան էջին մէջ կատարած գրառումով այս իրադարձութիւնը որակած է վճռորոշ եւ կարեւոր քայլ՝ ապագայի արհեստագիտութիւններու ձեւաւորման մէջ Հայաստանի ուրոյն դերը հաստատելու ճանապարհին։
Այս նորագոյն սարքաւորումներու ներածումը ուղղակի կ՚առնչուի Հայաստանի կառավարութեան հռչակած «ԱԲ գործատուներու պարտէզ» հայեցակարգի գործնական կիրարկման, ինչպէս նաեւ երկրի յաջորդ սերունդի տուեալներու հզօր ենթակառոյցի ստեղծման ծրագրին: Այս կարեւոր զարգացումը արդիւնք է ամիսներ առաջ «Eleveight AI» ընկերութեան ղեկավարութեան հետ կայացած ռազմավարական հանդիպումին։ Յիշեալ ընկերութիւնը ներկայիս Գագարին համայնքին մէջ կը կառուցէ արհեստական բանականութեան տուեալներու արդիական կեդրոն մը։ Այդ հանդիպումին ընթացքին կողմերը համաձայնած էին, որ ԱԲ ենթակառոյցներու ընդլայնումն ու արհեստագիտութիւններու հասանելիութեան ապահովումը պէտք է դառնան ազգային առաջնահերթութիւն:
Ըստ նախարարին ակնկալութիւններուն՝ նոր ենթակառոյցը լայն կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ՝ ներգրաւելու տեղական նորարարները, հզօրացնելու երկրի հաշուարկային կարողութիւնները եւ զգալիօրէն խթանելու թուային անցումը թէ՛ հանրային, եւ թէ՛ սեփական ոլորտներուն մէջ։
