Իրան խստօրէն ազդարարած է Ազերպայճանը, որ երկրէն հեռացնէ սիոնականները

Իրան-Իսրայէլ

Իրան-Ազերպայճան վերջին զարգացումներէն ետք, Թեհրանը հզօր պատգամ մը յղած է Պաքուին՝ պահանջելով իր երկրէն հեռացնել իսրայէլացի լրտեսները, հետախուզական գործակալներն ու սիոնականները։

«Մենք կը յայտարարենք Իրանի դրացի երկրին՝ Ազերպայճանի Հանրապետութեան, իբրեւ մահմետական պետութիւն, որ տարածաշրջանին մէջ անապահովութեան տարածումը կանխելու համար ան ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է արտաքսելու սիոնականները իր երկրէն, չվտանգելու համար իր սեփական ժողովուրդն ու Իրանի անվտանգութիւնը»,– յայտարարած է Իրանի զինուած ուժերու Սպայակոյտի բանբերը։

Աւելի ուշ, Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանին յայտնած է. “Տարածաշրջանի երկիրները պէտք է կամ կանխեն Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրենց տարածքին օգտագործումը Իրանի դէմ, կամ ալ մենք պիտի ընենք այդ մէկը”։