«Ղուտս»-ի հրամանատար Քաանին Ալիեւի «գործակա՞լն» էր
Վահրամ ԱԹԱՆԷՍԵԱՆ
1in.am, 8 Մարտ 2026
Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի երեսփոխան Էօմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլուն խիստ քննադատութեան ենթարկած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Թուրք երեսփոխանը անոր թելադրած է մեծ քաղաքականութեան միջամտելէ առաջ «զբաղիլ իր ընտանիքի եւ եղծանման (կոռուպցիոն) գայթակղութիւններու հարցերով»: Կերկերլիօղլուն Ալիեւը մեղադրած է Նախիջեւանի օդակայանի միջադէպին առնչութեամբ «երրորդ երկրի շահեր սպասարկելու» եւ այդպէսով «տարածաշրջանին մէջ լարումի աճի սպառնալիք ստեղծելու» յանցանքով:
Ազերպայճանի մէջ իշխանութեան գլուխը գտնուող կուսակցութենէն Միլլի Մեճլիսի երեսփոխան Մուսա Կուլիեւ իր կարգին սուր քննադատութեան ենթարկած է թրքական «Turkuvaz Media Group» ընկերութեան նախագահ Պերաթ Ալպայրաքը, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի փեսան է: Ազերպայճանցի խորհրդարանականը զայն ամբաստանած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ «քանի մը հակաազերպայճանական երեսփոխանի ելոյթները լրատու դաշտին մէջ տարածելու եւ այդպէսով երկրին հանրային կարծիքը Ազերպայճանի դէմ տրամադրելու քաղաքականութիւն վարելու» մեղադրանքով:
Թուրք եւ ազերպայճանցի խորհրդարանականներու միջեւ հեռակայ բանավէճը հրապարակայնացած է այնպիսի փուլի մը, երբ Պոլսոյ մէջ կը գումարուի Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան (ԹՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովը: Կ՚ենթադրուի, որ օրակարգային պիտի ըլլայ Իրանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ ԹՊԿ-ի պետութիւններու դիրքորոշման հարցը: Եթէ Կերկերլիօղլու-Կուլիեւ բանավէճը սոսկ «բեմադրութիւն» մը չէ, կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, որ Իրանի հարցով Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի մօտեցումները միշտ չէ, որ կը համապատասխանեն:
Այս ենթախորքին վրայ, իսրայէլեան ընկերային ցանցերու շարք մը աղբիւրներ զգայացունց տեղեկութիւն մը հրապարակած են, թէ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու մարմինի (ԻՅՊՄ) յատուկ նշանակութեան «Ղուտս» զօրամիաւորման հրամանատար, զօրավար Էսմայիլ Քաանին «կը գտնուի Իսրայէլի մէջ, եւ անոր որեւէ վտանգ չի սպառնար»: Նախապէս, միջազգային հեղինակաւոր լրասփիւռներ հաղորդած էին, թէ Քաանին «Այաթոլլահ Ալի Խամենէիի նստավայրը մատնած է իսրայէլեան գաղտնի գործակալութեան՝ Մոսատին, եւ այդ կասկածանքով ձերբակալուած ու մահապատիժի ենթարկուած է»:

Քաանիի՝ Իսրայէլի մէջ գտնուելու մասին տեղեկութիւնը հաւանաբար իսրայէլեան յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ շրջանառութեան դրուած է: Տրամաբանական կը թուի, որ այս հարցով Իրան իր կասկածները նախ եւ առաջ պիտի յառէ դէպի Ազերպայճան: Տարածաշրջանի միակ երկիրը, որ Իսրայէլի հետ յատուկ ծառայութիւններու սերտ գործակցութիւն ունի՝ Ազերպայճանն է, որուն տարածքին, ներառեալ՝ Իրանի հետ սահմանին, Մոսատի յենակէտերու առկայութեան մասին տեղեկութիւնները պարբերաբար կը տարածուին:
Չի բացառուիր, որ Նախիջեւանի օդակայանի դէմ Իրանի (կամ ԻՅՊՄ-ի) անօդաչուներով յարձակումը կապ ունենայ զօրավար Քաանիի «փախուստ»-ին հետ: Հաւանական է, որ փորձ կատարուած է խոչընդոտելու զայն կամ պարզապէս կատարելու «վրէժխնդրութեան արարք»: Իսրայէլեան աղբիւրները Քաանիի՝ Իսրայէլ գտնուելու լուրը տարածեցին Նախիջեւանի միջադէպէն երկու օր ետք: Այդ մէկը յաջորդեց տարածաշրջանի երկիրներուն այլեւս հրթիռային հարուած չհասցնելու մասին Իրանի նախագահի հաւաստումին, որ թերեւս կրնար Ազերպայճանի հետ լարումի թուլացման սկիզբ դնել:
Եթէ իսրայէլեան աղբիւրներու տեղեկութիւնը հաւաստի է, Իրանի մէջ հաւանաբար պիտի տիրէ այն ընկալումը, թէ զօրավար Քաանին «Իլհամ Ալիեւի գործակալն է, իսկ Ալիեւը՝ Մոսատինը»:
