Տարածաշրջանային օդային քաոս. Հայաստանի երկինքը դարձած է աշխարհի ամէնէն բանուկ եւ ռազմավարական հանգոյցներէն մէկը
Իրանի տարածքին հասցուած հարուածներէն, իրանական հակահարուածներէն եւ անոնց յաջորդած օդային սահմաններու փակումէն ետք, միջազգային թռիչքներու երթեւեկութիւնը ենթարկուած է աննախադէպ քաոսի մը։ Այսօր, երբ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Իրանի օդային մայրուղիները գրեթէ ամբողջութեամբ դատարկուած են անվտանգութեան նկատառումներով, Հայաստանի երկինքը ստացած է կենսական նշանակութիւն՝ դառնալով Արեւելքն ու Արեւմուտքը կապող միակ ապահով միջանցքը։
Օդային երթեւեկութեան հետեւող միջազգային հարթակները ցոյց կու տան թռիչքներու խիտ կուտակումներ Հայաստանի վերեւ, քանի որ միջազգային օդանաւային ընկերութիւնները բնականաբար կը խուսափին Իրանի եւ յարակից գօտիներու վտանգաւոր օդային տարածքներէն։
Այս իրավիճակին անդրադարձած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը, որ Դիմագիրքի իր էջին վրայ հրապարակած է լուսանկար մը, ուր յստակ կ՚երեւին տարանցիկ թռիչքներու հոսքերը, որոնց կեդրոնին կը գտնուի Հայաստանը։ Յարութիւնեան սուր քննադատութեամբ պատասխանած է նախագիծը թերագնահատողներուն.
«Առաջին օրէն Խաղաղութեան խաչմերուկը կը ծաղրէիք, կ՚ըսէիք՝ մեռելածին նախագիծ է, հիմա կը զգա՞ք ձեր սնանկութիւնը։ TRIPP-ն ալ յառաջիկայ տարիներուն պիտի բացուի եւ Հայաստանը պիտի ամրապնդուի իբրեւ շատ կարեւոր հանգոյց։ Գնահատեցէ՛ք խաղաղութիւնը»,– գրած է Յարութիւնեան։
Մասնագէտները կը նշեն, որ Հայաստանի երկինքի այս ծանրաբեռնուածութիւնը միայն արտակարգ իրավիճակի արդիւնք չէ, այլեւ՝ ապացոյց այն իրողութեան, որ Հայաստանը աշխարհագրականօրէն այլընտրանք չունեցող կամուրջ է։ Այս քաոսային վիճակին մէջ, Հայաստանի օդային տարածքի անվտանգութեան եւ թափանցիկութեան ապահովումը կը դառնայ առաջնահերթութիւն՝ ոչ միայն տնտեսական շահերու, այլեւ տարածաշրջանային կայունութեան տեսանկիւնէն։
