Ազերպայճան Իրանէն ետ կանչած է իր դիւանագիտական ամբողջ անձնակազմը
Տարածաշրջանային լարումը կը սաստկանայ
Անվտանգութեան նկատառումներով՝ Ազերպայճան ետ կանչած է Թեհրանի իր դեսպանատան եւ Թաւրիզի գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատակազմերը։ Այս որոշումը կայացուած է Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմի 7-րդ օրը եւ Նախիջեւանի օդակայանին վրայ անօդաչուներով յարձակումէն ետք։ Պաքու այս հարուածին համար կը մեղադրէ Թեհրանը, մինչդեռ Իրան կը հերքէ որեւէ առնչութիւն։
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով յայտնած է, որ Պաքու կը սպասէ Իրանի խոստացած հետաքննութեան արդիւնքներուն՝ հետագայ քայլերը ճշդելու համար։ Միաժամանակ, ազերպայճանական զինուած ուժերը հասցուած են մարտական բարձր պատրաստուածութեան։ Ինչպէս արդէն գրեցինք, նախագահ Իլհամ Ալիեւ ալ սպառնացած է «երկաթէ բռունցքով» պատասխանել որեւէ յարձակումի, թէեւ ցարդ հակահարուած չէ հասցուած։
Վերլուծաբաններ կը զգուշացնեն, որ Ազերպայճան կրնայ ներքաշուիլ պատերազմին մէջ։ Իսրայէլի հետ ունեցած սերտ զինուորական եւ քարիւղային կապերը Պաքուն կը դարձնեն Իրանի հաւանական թիրախ։ Փորձագէտներու համաձայն՝ մինչեւ 1000 քիլոմեթր հասողութեամբ իրանեան «Շահէտ» անօդաչուները լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն Կասպից ծովու ուժանիւթային ենթակառոյցներուն համար։ Իրավիճակի սաստկացման զուգահեռ, ԱՄՆ զգուշացուցած է իր քաղաքացիները, որ չմեկնին Նախիջեւան։
Այս ճգնաժամի լոյսին տակ, Ազերպայճանի գլխաւոր դաշնակից Թուրքիան խստօրէն դատապարտած է Նախիջեւանի վրայ յարձակումը։ Քաղաքական դիտորդներ կը կանխատեսեն, որ Իրանի կողմէ սպառնալիքի որեւէ աճի պարագային, Անգարան եւ Պաքուն շատ արագ կրնան միասնական ռազմական դաշինք կազմել։
