CCAF-ի նոր Ազգային վարչութեան առաջին հաղորդագրութիւնը
Մարտ 3-ին գումարուած իր առաջին աշխատանքային նիստին՝ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) նոր Ազգային վարչութիւնը ընտրեց իր պատասխանատուները։
Այս առիթով, Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան վերընտրուեցան կազմակերպութեան համանախագահներ։ Անոնք ընդունեցին այս վերջին պաշտօնավարութիւնը, որ կը յարգէ անցեալ Փետրուար 6-ին, 7-ին եւ 8-ին կազմակերպուած համընդհանուր քուէարկութեան արդիւնքը. ընտրութիւն մը, որ կարեւոր հանգրուան մը հանդիսացաւ CCAF-ի գործունէութեան ժողովրդավարացման եւ ամրապնդման մէջ։
Նատիա Գործունեան ընտրուեցաւ ընդհանուր քարտուղար, իսկ Արմէն Սերոբեան՝ գանձապահ։
Փետրուար 28-ին տեղի ունեցած լիագումար նիստին՝ CCAF-ի նոր Ազգային խորհուրդը ընտրեց Ազգային վարչութիւնը, որ կը բաղկանայ ինը անդամներէ, երեք տարուան պաշտօնավարութեան համար։ Ան կը համախմբէ հետեւեալ անձնաւորութիւնները. Անահիտ Յակոբեան, Օրոր Պրիւնա, Ալէն Էթեէմէզեան, Նատիա Գործունեան, Յովհաննէս Գէորգեան, Մուրատ Փափազեան, Արմէն Սերոբեան, Րաֆֆի Թանզիլլի, Արա Թորանեան։
Ազգային վարչութիւնը նաեւ վերահաստատեց իր գործադիր գրասենեակը՝ բաղկացած Սամ Շնորհօքեանէ եւ Նայիրի Խեմթեմուրեանէ, որոնց պաշտօնն է ապահովել կազմակերպութեան որոշումներուն եւ գործողութիւններուն գործնական հետեւողականութիւնը։
Յառաջիկայ ամիսներուն CCAF-ի նոր ղեկավարութիւնը պէտք է գործադրէ Ազգային խորհուրդին կողմէ 2026 Փետրուար 28-ի իր առաջին լիագումար նիստին ճշդուած ուղղութիւնները։ Սոյն նիստին մասնակցեցան համընդհանուր քուէարկութեամբ ընտրուած 10 ներկայացուցիչները եւ CCAF-ի 3 մեծ շրջաններու (Իլ-տը-Ֆրանս, Կեդրոն եւ Հարաւ) 30 ներկայացուցիչները։
Ան յատկապէս պիտի ձգտի ամրապնդելու Կազմակերպութեան կառոյցն ու ներկայացուցչական բնոյթը, խորացնելու ֆրանսահայ քաղաքացիական հասարակութեան համախմբումը եւ վճռակամութեամբ պաշտպանելու ֆրանսահայ համայնքի ազգային առաջնահերթութիւնները՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու ենթախորքին վրայ, ինչպէս նաեւ պատրաստելու ապագան ու սերնդափոխութիւնը։ Այս նպատակով աշխատանքային խումբեր պիտի կազմուին բոլոր այն անդամներուն համար, որոնք կը փափաքին իրենց նպաստը բերել մեր մօտեցումներուն եւ գործողութիւններուն։
Այսպէսով, CCAF-ը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ ի սպաս ֆրանսահայ համայնքի միասնականութեան, տեսանելիութեան եւ ազդեցութեան, յարգելով իր արժէքներն ու հաւաքական ներկայացուցչութեան իր կոչումը։
CCAF-ի Ազգային վարչութիւն
8 Մարտ 2026
