Վարչապետ Փաշինեան կ՚այցելէ Ֆրանսա

Փաշ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 9-ին աշխատանքային այցելութեամբ ժամանած է Ֆրանսա։

Ինչպէս կը հաղորդէ վարչապետի մամլոյ բանբերը, յաջորդ օր Փարիզի մէջ Փաշինեան պիտի մասնակցի Հիւլէական ուժանիւթի վեհաժողովին։

Մարտ 11-ին վարչապետը պիտի մեկնի Սթրազպուրկ, ուր Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հանդէս պիտի գայ ելոյթով։ Այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետին հանդիպումը Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի հետ։