Թրամփ կը քննադատէ Աւստրալիան՝ Իրանի կանանց ֆութպոլի հաւաքականի վերադարձի հարցով

Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ Աւստրալիան «չափազանց մեծ մարդասիրական սխալ մը կը գործէ»՝ թոյլ տալով, որ Իրանի կանանց ֆութպոլի ազգային խումբը վերադառնայ իր երկիրը։

Թրամփ յորդորած է Աւստրալիոյ վարչապետին ապաստան տրամադրել՝ պաշտպանելու համար խումբին անդամները։

Նախագահ Թրամփի այս մեկնաբանութիւնը յաջորդած է միջազգային այն լայն արձագանգին, որ կ՚առընչուէր՝ Աւստրալիոյ մէջ ընթացող կանանց Ասիոյ բաժակի («Women’s Asian Cup») մրցաշարքին ընթացքին իրանցի մարզիկներուն՝ Իրանի ազգային փառերգը երգելու մերժումին, որուն պատճառով ալ Թեհրանի կողմէ անոնք որակուած են «պատերազմական դաւաճաններ»։

Միջազգային իրաւապաշտպաններ եւ կազմակերպութիւններ կոչ ըրած էին Աւստրալիոյ իշխանութիւններուն ապահովելու մարզիկներուն անվտանգութիւնը եւ արտօնելու, որ անոնց ապաստան շնորհուի՝ զանոնք պաշտպանուելու համար բռնութիւններէ ու հալածանքներէ։