Հետաքննող լրագրողները կը հերքեն Պաշտպանութեան նախարարութեան պնդումները՝ նոր ազրպէյճանական դիրքի վերաբերեալ
Հետաքննող լրագրողներն ու Հայաստանի նախկին Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի գլխաւորած «Միասնութեան թեւեր» նախաձեռնութիւնը խստօրէն կը հակադարձեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան վերջին հերքումին, զայն որակելով ձեռնավարութիւն (manipulation)՝ կոծկելու համար ամռան ընթացքին, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ Ազերպայճանի նոր ռազմական դիրք կառուցած ըլլալը:
«Հետք» թերթի լրագրող Վահէ Սարուխանեան կը նշէ, որ Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տեսանիւթը որեւէ լուրջ հակափաստարկ չի պարունակեր: Ըստ անոր՝ նախարարութիւնը պարզապէս համադրած է 1975-ի տեղագրական (topographique) քարտէս մը համացանցային հարթակներու (Google Earth) գծանշումներուն հետ, ինչ որ արհեստավարժ մօտեցում չէ, քանի որ արբանեակային լուսանկարները կարելի է ճշգրտօրէն համեմատել միայն նոյնանման ժամանակակից արբանեակային տուեալներու հետ։
Խնդիրը ծագած էր անցեալ շաբաթ, երբ Արման Թաթոյեան յայտարարած էր, որ Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիսի ուղղութեամբ Պաքուն նոր դիրք կառուցած է: Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան կտրուկ կերպով հերքած էր այս լուրը՝ Թաթոյեանը մեղադրելով ստախօսութեամբ: Սակայն, փաստեր ստուգող լրագրողները, օգտագործելով ճշգրիտ «Planet» արբանեակային հարթակը, հաստատած են, որ Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն ազերպայճանական նոր դիրքը իրապէս քանի մը տասնեակ մեթր խորացած է հայկական տարածքէն ներս: Նարեկ Պարոնեան («Միասնութեան թեւեր») կը քննադատէ իշխանութիւններու հակասական կեցուածքը՝ յիշեցնելով, որ մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յաճախ կը յայտարարէ, թէ սահմանազատում տակաւին գոյութիւն չունի, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այժմ կը վկայակոչէ որոշ սահմանագիծեր՝ արդարացնելու համար թշնամիին յառաջխաղացքը:
Լրագրողները կը շեշտեն, որ իշխանութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը խախտած է՝ նկատի ունենալով 2020-ի պատերազմի եւ յաջորդող սահմանային ներխուժումներու ընթացքին պաշտօնական լրահոսի կիրարկած ապակողմնորոշիչ գործելաոճը: Այս լարումի ենթախորքին, իշխանութեաn «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Լիլիթ Մինասեան եւ նախարար Սուրէն Պապիկեան կը նախատեսեն օրէնսդրական նոր գործիքակազմ մը մշակել, որուն նպատակն է,– ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին,– լռեցնել լրագրողները. ըստ այդ նախագիծին, Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական հերքումէն ետք, եթէ լրասփիւռները շարունակեն անդրադառնալ տուեալ սահմանային միջադէպին, անոնք պիտի ենթարկուին օրէնսդրական պատասխանատւութեան:
