Ինչո՞ւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը զօրակցի Սամուէլ Կարապետեանին

ԼՏՊ-ՍԿ

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, հակառակ անոր որ իր ղեկավարած Հայ Ազգային Կոնգրէսը (ՀԱԿ) վարչապետի պաշտօնին համար առաջադրած է Լեւոն Զուրաբեանի թեկնածութիւնը, բացայայտօրէն կը զօրակցի միլիառատէր գործարար, «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանին։ Այս քայլով Տէր Պետրոսեան նպատակ ունի միաւորելու պառակտուած ընդդիմութիւնը եւ ստեղծելու միասնական ճակատ մը՝ գործող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութենէն հեռացնելու համար։

Լեւոն Զուրաբեան կը բացատրէ, որ Տէր Պետրոսեան այս պարագային հանդէս կու գայ վերկուսակցական եւ նահապետական դիրքերէ։ Կարապետեանի քաղաքական ուժին հետ միասնական ճակատ կազմելու բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին։ Սակայն, եթէ համախմբման այս ճիգերը ապարդիւն յայտնուին, ՀԱԿ-ը ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի առանձին։ Միեւնոյն ժամանակ, Զուրաբեան խստօրէն կը քննադատէ Փաշինեանի խաղաղութեան օրակարգը՝ զայն որակելով ոչ թէ իրական հաշտութիւն, այլ առժամեայ «նախընտրական զինադադար», որ վերջնական արդիւնքով կրնայ յանգեցնիլ Հայաստանի ազերպայճանականացման:

Միւս կողմէ, Տէր Պետրոսեան կը զգուշացնէ, որ Արեւմուտքը պիտի փորձէ խոչընդոտել Սամուէլ Կարապետեանի ընտրութիւնը, քանի որ վերջինիս յաղթանակը արեւմտեան տէրութիւններուն կողմէ պիտի դիտարկուի իբրեւ ռուսական ազդեցութեան վերահաստատում Հայաստանի մէջ։

Գործնական գետնի վրայ, սակայն, Սամուէլ Կարապետեանի վարչապետ դառնալու ճամբուն վրայ կայ լուրջ սահմանադրական արգելք մը, քանի որ ան քանի մը երկիրներու քաղաքացի է։ Այս խնդիրը շրջանցելու համար, գործարարին քաղաքական խմբակը կը նախատեսէ ընտրութիւններուն յաղթելէ ետք փոփոխութեան ենթարկել Սահմանադրութիւնը։