«Turkish Airlines»-ը սկսած է Պոլիս-Երեւան-Պոլիս թռիչքները

Թրքիշ

Մարտ 11-ին Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայան ժամանած է «Turkish Airlines» օդային ընկերութեան անդրանիկ թռիչքը՝ Պոլսոյ միջազգային օդակայանէն։

Ըստ «Զուարթնոց» օդակայանի հրապարակած հաղորդագրութեան, թռիչքի դիմաւորման պաշտօնական արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Ստեփան Փայասլեան, «Արմենիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան տնօրէն Մարսելօ Վենտէ եւ գլխաւոր պատասխանատու Սերգէյ Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ «Turkish Airlines» ընկերութեան Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու վաճառքի փոխտնօրէն Հիւսէյին Էօզպէք, Վրաստանի ու Հայաստանի գծով գլխաւոր պատասխանատու Քենան Ինճէ եւ այլ հիւրեր։

Պոլիս-Երեւան-Պոլիս երթուղիով թռիչքները պիտի իրականացուին ամէն օր։ Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Մայիս 14-էն սկսեալ անոնց յաճախականութիւնը պիտի բարձրանայ՝ հասնելով շաբաթական 10 թռիչքի, իսկ Յունիս 15-էն ետք՝ շաբաթական 14 թռիչքի։