Հայաստանի ֆրանսական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է «Մտքի կանայք, գործի կանայք» ձեռնարկը

JKXrUinTG2q9UTGCB1Dl9yASQHCJZ73SzuE1po7i

Կանանց իրաւունքներու միջազգային օրուան առթիւ, Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանը (ՀՖՀՀ), Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան գործակցութեամբ, կազմակերպած է ամէնամեայ «Մտքի կանայք, գործի կանայք» ձեռնարկը, որ այս տարի ընթացած է նոր՝ արագ հանդիպումներու (Speed Dating) ձեւաչափով։

Այս նոր ձեւաչափը կարելիութիւն ընձեռած է ուսանողներուն անհատական կարճ հանդիպումներ ունենալու համալսարանի յաջողակ շրջանաւարտներու եւ փորձառու մասնագէտներու հետ՝ անոնցմէ ստանալով մասնագիտական զարգացման եւ ասպարէզի կառուցման վերաբերեալ արժէքաւոր խորհուրդներ։ Մասնակցած են տարբեր մարզերու մէջ ղեկավար պաշտօններ վարող կիներ, ինչպէս՝ «Telecom Armenia»-ի գործառնական տնօրէնի փոխտեղակալ Արեւիկ Աւագեանը, «Scorpio Creative» շուկայավարութեան (marketing) ընկերութեան հիմնադիր-տնօրէն Էլէն Գեղամեանը, «PROFAL»-ի շուկայավարութեան տնօրէն եւ համալսարանի դասախօս Սօսի Տէմիրճեանը, «PMI Armenia»-ի նախագահ Աստղիկ Սահակեանը, Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան խորհրդատուական բաժինի ղեկավար Զառա Օհանեանը եւ ուրիշներ։

Համալսարանի տեսուչ Սալվա Նաքուզի իր բացման խօսքին մէջ շեշտը դրած է կանանց յաջողութիւնները տեսանելի դարձնելու անհրաժեշտութեան վրայ՝ ընդգծելով, որ բազմաթիւ շրջանաւարտներ այսօր որպէս կայացած մասնագէտներ կը վերադառնան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն՝ իրենց փորձառութիւնը բաժնելու նոր սերունդին հետ։

Ձեռնարկին ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին, որ անդրադարձած է ֆեմինիստական դիւանագիտութեան՝ նշելով, որ Ֆրանսան աշխուժօրէն կ՚աշխատի կանանց ներգրաւումը բարձրացնելու ուղղութեամբ։ “Հայաստանի ֆրանսական համալսարանը լաւագոյն կրթական հաստատութիւններէն մէկն է, ինչ որ յաճախ կը հաստատուի գործատէրերուն կողմէ”,– շեշտած է դեսպանը՝ աւելցնելով, որ համալսարանը իր ուսանողները կը զինէ աշխատաշուկայ մուտք գործելու եւ պատասխանատւութիւն ստանձնելու անհրաժեշտ գիտելիքներով ու գործիքներով։

Մասնակից բանախօսներն ու ուսանողները միաբերան հաստատած են նման հանդիպումներու արդիւնաւէտ բնոյթը։ Ըստ կազմակերպիչներուն, այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կ՚ամրապնդէ ուսանողներուն եւ աշխատաշուկային միջեւ կապը, այլեւ կը քաջալերէ կանանց առաջնորդութիւնն ու մասնագիտական վերելքը։