Միջին Արեւելքի պատերազմը – Դիւանագիտական փակուղի, հռետորաբանութեան սրում եւ ծանր կորուստներ
Կիրակի, Մարտ 15-ին, ԱՄՆ-ու եւ Իսրայէլի՝ Իրանի վրայ հարուածներով սկսած Միջին Արեւելքի պատերազմին պատերազմին 16-րդ օրը, ընդհանուր պատկերը հետեւեալն էր.
Դիւանագիտական ճակատի վրայ լիակատար փակուղի կը տիրէ։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ թէեւ Իրան կ՚ուզէ համաձայնութեան գալ, սակայն Ուաշինկթըն պատրաստ չէ զիջումներու, մինչ Սպիտակ տունը արդէն մերժած է հրադադար հաստատելու ուղղութեամբ Օմանի եւ Եգիպտոսի միջնորդական ջանքերը։ Փոխարէնը, Թրամփ արեւմտեան եւ ասիական իր դաշնակիցներուն կոչ ուղղեց ռազմանաւեր ղրկելու Հորմուզի նեղուց՝ սպառնալով անխնայ ռմբակոծել Իրանի ծովեզերքը։ Իրանեան կողմը եւս կտրականապէս կը մերժէ հրադադարի որեւէ բանակցութիւն՝ պահանջելով նախ դադրեցնել ամերիկեան եւ իսրայէլեան հարուածները։ Միջազգային գետնի վրայ տագնապը նոր ծաւալ ստացաւ, երբ Իրան Ուքրաինան հռչակեց «օրինական թիրախ»՝ զայն մեղադրելով Իսրայէլին անօդաչու սարքեր տրամադրելու յանցանքով. յայտարարութիւն մը, որ կը յաջորդէր Փարիզի մէջ նախագահ Զելենսքիի եւ Իրանի նախկին շահի որդի Ռեզա Փահլաւիի հանդիպումին։
Ռազմական գետնի վրայ սպառնալիքներն ու հարուածները կը շարունակուին մեծ թափով։ Թրամփ սպառնաց նոր յարձակումներ գործել Իրանի նաւթային արտածման 90 տոկոսը ապահովող Խարգ կղզիին վրայ, մինչ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու պահակազօրքը հակադարձեց՝ խոստանալով սպանել Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն եւ պնդելով, որ արդէն իսկ ոչնչացուցած են իսրայէլեան թիրախներ ու ամերիկեան երեք ռազմակայաններ։
Նոյն ատեն, իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ ռմբակոծել Լիբանանը՝ թիրախաւորելով «Հըզպալլահ»-ի հրամանատարական կեդրոնները Պէյրութի եւ այլ շրջաններու մէջ: Ներքին ճակատի վրայ, Իրանի Ատրպատական նահանգի Ուրմիա քաղաքին մէջ 20 հոգի ձերբակալուեցաւ՝ Իսրայէլին ռազմական եւ անվտանգային գաղտնիքներ հաղորդելու մեղադրանքով։

Պատերազմի մարդկային եւ նիւթական վնասները խիստ ծանր են։ Իրանի առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն՝ ամերիկա-իսրայէլեան հարուածներուն արդէն զոհ գացած է առնուազն 202 երեխայ եւ 223 կին, ու մեծապէս վնասուած են աւելի քան 150 բժշկական հաստատութիւններ ու համալսարանական շէնքեր։ Միւս կողմէն՝ Իսրայէլի մէջ, միայն վերջին 24 ժամուան ընթացքին Իրանի հարուածներէն 108 հոգի հիւանդանոց փոխադրուած է, իսկ պատերազմի սկիզբէն ի վեր բժշկական օգնութիւն ստացած վիրաւորներուն թիւը կը գերազանցէ 3190-ը։ Այս բոլորին լոյսին տակ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հերքեց Թրամփի յայտարարութիւնները, թէ գերագոյն առաջնորդ Մոճթապա Խամէնէին կրնայ ողջ չըլլալ՝ վստահեցնելով, որ գերագոյն առաջնորդին առողջական վիճակը լաւ է եւ կացութիւնը լիովին կը գտնուի անոր վերահսկողութեան տակ։
***
Al Jazeera լրասփիւռի հաւաքագրած տուեալներուն համաձայն՝ Մերձաւոր Արեւելքի վերջին պատերազմի սկիզբէն ի վեր հակամարտութեան զոհերու թիւը հասած է շուրջ 2 300-ի։
Ստորեւ՝ զոհերու թիւը ըստ երկիրներու, զոր ի մի բերած է Al Jazeera-ն.
Իրան – 1 444 զոհ,
Լիբանան – 773 զոհ,
Իսրայէլ – 14 զոհ,
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ – 6 զոհ,
Պահրէյն – 2 զոհ,
Սաուտական Արաբիա – 2 զոհ,
Քուէյթ – 6 զոհ,
Օման – 3 զոհ,
ԱՄՆու ուժեր —11 զոհ,
Իրաք – 26 զոհ:
