Երկարաձգուած է Սամուէլ Կարապետեանի տնային կալանքը

ՍԿ

Ռուսաստանաբնակ գործարար Սամուէլ Կարապետեան պիտի շարունակէ մնալ տնային կալանքի տակ. այս մասին յայտնած է Կարապետեանի փաստաբան Արամ Վարդեւանեան։ Եղծանման դէմ պայքարի (Հակակոռուպցիոն) դատարանը Մարտ 14-ի առաւօտ կանուխէն կը քննէր գործարարին տնային կալանքը ամիս մը եւս երկարաձգելու քննիչներուն դիմումը։

“Կը գտնուինք այնպիսի կացութեան մը մէջ, ուր «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահին համար ընտրական գործընթացի ամէնէն պատասխանատու փուլին, յատկապէս նախընտրական ցուցակներու կազմաւորման տեսանկիւնէն, լուրջ խնդիր յառաջացած է։ Սա քաղաքական հոլովոյթի, հաւասարութեան, արդարութեան եւ մրցակցութեան պայմաններու ապահովման առումով լրջագոյն խնդիր է։ Այն, որ քաղաքական հալածանքը կրնայ ա՛լ աւելի ծաւալիլ եւ փոխակերպուիլ այն աստիճանի, որ ուղղակի միջամտութիւն հանդիսանայ ընտրական գործընթացին, իրապէս կը թուի թէ նորութիւն է”,– լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է փաստաբան Արամ Վարդեւանեան՝ ընդգծելով, որ դատական այս վճիռին գծով բողոք պիտի ներկայացնեն Վերաքննիչ դատարանին։

Կարապետեան մեղադրեալի աթոռին յայտնուած էր անցեալ տարուան Յունիսին, երբ Փաշինեան-Գարեգին Բ. վէճի ենթախորքին՝ յայտարարած էր Հայ առաքելական եկեղեցին «իր ձեւով» պաշտպանելու մասին։ Իշխանութիւնը բռնագրաւելու հրապարակային կոչէն բացի, գործարարը կը մեղադրուի նաեւ ապօրինի գումարներ օրինականացնելու (դրամալուացման) յօդուածով։ Սամուէլ Կարապետեան եօթը ամիս Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նկուղը մնալէ ետք, այժմ կը գտնուի տնային կալանքի տակ։