Հայաստանն ու Իրանը կ՚աշխատին սահմանին վրայ երկրորդ կամուրջի մը նախագիծին վրայ
Հայաստան իրանցի գործընկերներուն հետ կ՚աշխատի Հայաստան-Իրան սահմանին վրայ երկրորդ կամուրջի կառուցման նախագիծին վրայ։
Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան՝ Սիւնիքի մարզ կատարած այցելութեան ծիրէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյցի ընթացքին՝ Հիւսիս-հարաւի Քաջարան-Ագարակ 32 քմ.նոց ճամբու հատուածի կառուցման աշխատանքներուն ծանօթանալէ ետք։
“Ագարակի սահմանային անցակէտը ամբողջութեամբ կը վերակառուցուի։ 0-էն կը կառուցուի նոր մաքսակէտ մը՝ իր մնացեալ ենթակառոյցներով”,– ըսած է Փաշինեան։
Նախարար Խուդաթեան ալ իր կարգին տեղեկացուցած է. “Իրանցի գործընկերներուն հետ կ՚աշխատինք Հայաստան-Իրան երկրորդ կամուրջի նախագիծին վրայ”։
