ՓԱՐԻԶ – Տիրամօր մատուռը վերագտաւ իր շքեղութիւնը
Տիրամօր մատուռին վերջին վերանորոգման առիթով Չորեքշաբթի, Մարտ 11-ին տեղի ունեցաւ անոր պաշտօնական բացման արարողութիւնը Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ մայր տաճարին մէջ։ Մայր տաճարը պատուեցին իրենց ներկայութեամբ Սուրբ Խաչ թեմի առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Եղիա եպիսկոպոս Եղիայեանը, Փարիզի քաղաքապետ տիկին Անն Հիտալկօն, Փարիզի Կեդրոնի քաղաքապետ պրն Արիէլ Վէյլը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան պրն Արման Խաչատրեանն ու Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմի Թեմական ընկերակցութեան վարչական խորհուրդի անդամ պրն Արա Ահարոնեանը։ Թէեւ Փարիզի քաղաքապետարանի մասնակցութիւնը նշանակալի է, սակայն այս ծրագիրը չէր կրնար իրականութիւն դառնալ առանց վերջինիս մեկենասութեան։
1623-ին Գլօտ Շառլոյի կառուցած այս շինութիւնը դարերու ընթացքին եկեղեցիէն վերածուած է մենաստանի, ի վերջոյ դառնալով մայր տաճար մը, որ 1970-ին Կարդինալ Մարթիի կողմէ յանձնուեցաւ հայ կաթողիկէ համայնքին։ Թէեւ նաւն ու դասը վերանորոգուած էին 2019-ին՝ շնորհիւ Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմի ընկերակցութեան եւ Փարիզ քաղաքին միջեւ կնքուած մեկենասութեան պայմանագրին, Տիրամօր մատուռը տակաւին կը պահէր ժամանակի հետքերը։ Այս վերանորոգման երկրորդ հանգրուանի ֆինանսաւորումը նոյնպէս ապահովուեցաւ Փարիզի քաղաքապետ տիկին Հիտալկոյի եւ Թեմական ընկերակցութեան միջեւ 2024-ին ստորագրուած մեկենասութեան պայմանագրով մը։
Այսօր մատուռը կը ներկայանայ բոլորովին նոր փայլքով մը։ Մաքրագործուած, փայտեղէններն ու գունաւոր ապակիները (վիթրայները) վերականգնուած, քանդակներն ու որմնանկարները թարմացուած՝ մատուռը այսպէսով կը միանայ մայր տաճարի մնացեալ շքեղութեան։
Հետեւաբար, այն քարերը, որոնք Փարիզի քաղաքապետարանն ու թեմական ընկերակցութիւնը միասնաբար վերակենդանացուցին, ըստ Արա Ահարոնեանի կը ներկայացնեն «ոչ միայն ժամանակի հետք մը, այլեւ՝ Փարիզ քաղաքի եւ հայերուն միջեւ կենդանի դաշինք մը» եւ թէ «քաղաքի մը գեղեցկութիւնը կը կայանայ ոչ միայն անոր յուշարձաններուն, այլեւ այն հոգիներուն մէջ, որոնք կը բնակին հոն եւ կեանք կու տան անոր»։
Արարողութիւնը, մայր տաճարի վեհութեան համահունչ, խանդավառեց ներկաներուն սրտերը։ Շնորհակալական ջերմ խօսքերուն յաջորդող երաժշտական ընդմիջումները կենդանի շունչ մը բերին մայր տաճարին։ Տիկին Աննա Գասեանի կողմէ կազմուած երաժշտական յայտագիրը, Փարիզի «Սիփան-Կոմիտաս» հայկական երգչախումբի կատարումները, Ժերար Մատիլեանի տուտուկն ու Նարեկ Քէշիշեանի նուագած երգեհոնը մտովի ճամբորդութեան տարին ունկնդիրները, որոնք, կլանուած սոփրանօ Աննա Գասեանի ձայնով, որոտընդոստ ծափահարութիւններով եզրափակեցին արարողութիւնը։
Այսպէսով, այս մատուռի վերանորոգումը ոչ միայն ժառանգութեան պահպանման արարք մըն է, այլեւ, Անն Հիտալկոյի իսկ խօսքով՝ գոհարի մը, «փարիզեան, հայկական եւ Արեւելքի քրիստոնեաներու մշակոյթի եւ պատմութեան բարձրագոյն վայրի մը» վերականգնումը։
ՄԵԼԻՆԷ ՉՈԼԱՔԵԱՆ









Լուսանկարները՝ԹՈՄԱ ՎԱԼԻՒԹ (THOMAS WALLUT)
