Գրիգոր Պըլտեանի «Ուղենշաններ»-ուն շնորհանդէսը

650383000_18306930109287376_6469480029338847305_n

Ուրբաթ՝ Մարտ 13-ին, Երեւանի «Էփիկրաֆ» գրախանութներու նորաբաց մասնաճիւղին մէջ (հասցէ՝ Կոմիտաս 12) տեղի ունեցաւ գրող, գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Ուղենշաններ» («Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2026) գիրքին շնորհանդէսը։

Շնորհանդէսը կը վարէր բանասէր Սիրանոյշ Դվոյեանը: Ձեռնարկին ներկայ էին հայրենի եւ սփիւռքահայ մտաւորականներ եւ այլ գրքասէրներ: Շնորհանդէսը ընթացաւ նոր հրատարակուած գիրքին մասին Դվոյեանի եւ Պըլտեանի զրոյցով:

Դվոյեան նախ ծանօթացուց գիրքը, ընթերցեց հատուած մը, ապա հարցեր ուղղեց հեղինակին: Հարցերով անդրադարձ կատարուեցաւ գիրքին խորագիրին մասին, որուն ի պատասխան Պըլտեան. «Բառը կը նշանակէ ճամբու ընթացքին դրուած նշանները: Փոխաբերական ալ կրնայ ընկալուիլ, քանի որ մեր կեանքն ալ երթեւեկ մըն է: Իւրաքանչիւր գրութիւն տեսակ մը կայան կրնաք նկատել, որ տեղ մը կը տանի, իսկ վերջաւորութեան անդրադարձ կ’ըլլայ ամբողջ ընթացքին, որ գիրքն է: Այս տեսակի փորձ մըն էր» յայտնեց: Իսկ «Ստեղծել վայրը ուր ըլլալ» խորագրին մասին հարցին ի պատասխան հեղինակը յայտնեց. «Ամէն գրող կ’ուզէ իր վայրը ստեղծել, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ այդ հարցը այդ ձեւով, սուր կերպով չի դրուիր, քանի որ կրնաս այդ վայրին պատրանքը ունենալ, որ հո՛ս է: Մինչդեռ Սփիւռքի մէջ այդ վայրը բացայայտ կերպով չկայ եւ ուրեմն կը գտնուիս աքսորականի, աքսորեալի, քու տեղէդ դուրս ըլլալու վիճակին մէջ: Վայրը Սփիւռքի մէջ ապրող աքսորականին լեզո՞ւն է: Արդեօք բանաստեղծութիւնը ինքը վա՞յրն է, որ գրող մը կ’ուզէ ստեղծել ինքնիրեն համար: Ես միշտ այս «վայր»-ի խնդիրը կը մտածեմ աւելի հարցումի գետնի վրայ, քան՝ պատասխանի»: Նոյնպէս «Շեղուածք» խորագիրը կրող գրութեան մասին ըսաւ. «Այն շեղանցքը, որ Փարիզի տունէս ոչ շատ հեռու կը գտնուի եւ կը տանի դէպի թագաւորական պարտէզները, հոնկէ ճշգրտօրէն կու գայ խորագիրը: Էական բան մըն է, երբեք չեմ ուզեր մեկնիլ վերացական գաղափարէ մը եւ յետոյ փորձել ատիկա իմաստաւորել: Այլապէս շեղանցքին նկարագրութիւնը լուսանկարը կ’ընէ, ի՞նչ պէտք կայ: Կամաց-կամաց շեղանցքը կը դառնայ ոչ միայն տեղ, այլ մտածելու ձեւի մը անունը»:

Հարցերուն ընդմէջէն անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքահայ կեանքի, արեւմտահայերէն լեզուի եւ գրականութեան: Հարցերուն աւարտին ներկաները շահեկան հարցադրումներ կատարեցին եւ երեկոն աւարտեցաւ գիրքի մակագրութեամբ եւ հեղինակին հետ զրոյցներով: