Փաշինեան եւ Քոս քննարկած են ԵՄ մուտքի արտօնագրի ջնջման հարցերը

Վար­չա­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան եւ Եւ­­րո­­­պական Միու­­թեան ընդլայնման հար­­ցե­­­րու յանձնա­­կատար Մար­­թա Քոս Մարտ 19-ին Երե­­ւանի մէջ քննար­­կած են ԵՄ մուտքի ար­­տօ­­­նագ­­րի (վի­­զա) ջնջման գոր­­ծընթացն ու տնտե­­սական եւ ներդրու­­մա­­­յին գոր­­ծակցու­­թեան ընդլայնման հե­­ռան­­կարնե­­րը։ Ըստ կա­­ռավա­­րու­­թեան հա­­ղոր­­դագրու­­թեան, Քոս բարձր գնա­­հատած է Հա­­յաս­­տա­­­նի բա­­րեփո­­խումներն ու զա­­նոնք իրա­­գոր­­ծե­­­լու քա­­ղաքա­­կան կամ­­քը՝ վե­­րահաս­­տա­­­տելով Եւ­­րո­­­պայի աջակ­­ցութիւ­­նը հայ­­կա­­­կան քա­­ղա­քա­­ցիական հա­­սարա­­կու­­թեան, լրաս­­փիւռնե­­րուն եւ տա­­րածաշրջա­­նային խա­­ղա­ղու­­թեան ուղղուած Երե­­ւանի ջան­­քե­­­րուն։

Այս այ­­ցե­­­լու­­թեան ծի­­րէն ներս, որուն գլխա­­ւոր նպա­­տակն է ամ­­րապնդել Հա­­յաս­­տան-ԵՄ գոր­­ծընկե­­րու­­թիւնը, յանձնա­­կատա­­րը նա­­խապէս հան­­դի­­­պում ու­­նե­­­ցած է նաեւ փոխ­­վարչա­­պետ Մհեր Գրի­­գորեանին հետ եւ յայ­­տա­­­րարած՝ Հա­­յաս­­տա­­­նին լրա­­ցու­­ցիչ 140 մի­­լիոն եւ­­րօ աջակ­­ցութիւն տրա­­մադ­­րե­­­լու որո­­շու­­մին մա­­սին։

Ընտրու­­թիւննե­­րուն ըն­­դա­­­ռաջ՝ Եւ­­րո­­­պական Միու­­թիւնը Ապ­­րի­­­լի սկիզ­­բը յա­­տուկ առա­­քելու­­թիւն պի­­տի ղրկէ Հա­­յաս­­տան

Զու­­գա­­­հեռա­­բար, յայտնի դար­­ձած է, որ Ապ­­րի­­­լի սկիզ­­բը Եւ­­րո­­­պական Միու­­թիւնը 9-էն 14 փոր­­ձա­­­գէտ­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցած յա­­տուկ առա­­քելու­­թիւն մը պի­­տի ղրկէ Հա­­յաս­­տան։ Շուրջ եր­­կու շաբ­­թուան ըն­­թացքին առա­­քելու­­թիւնը պի­­տի աջակ­­ցի Հա­­յաս­­տա­­­նի պե­­տական կա­­ռոյցնե­­րուն՝ յատ­­կա­­­պէս Վար­­չա­­­պետի աշ­­խա­­­տակազ­­մին, Անվտան­­գութեան խոր­­հուրդին, Կեդ­­րո­­­նական ընտրա­­կան յանձնա­­ժողո­­վին եւ Ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թեան։ Նպա­­տակն է օգ­­նել այս մար­­միննե­­րուն, որ­­պէսզի դի­­մադ­­րեն առ­­ցանց յար­­ձա­­­կումնե­­րուն, խառ­­նա­­­ձեւ սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րուն եւ օտա­­րերկրեայ տե­­ղեկա­­տուա­­կան շա­­հար­­կումնե­­րուն՝ մշա­­կելով ճգնա­­ժամե­­րու կա­­ռավար­­ման յա­­տուկ ծրագրեր։ ■