Անահիտ Տօնապետեանի դասախօսութիւնը՝ Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան մէջ
Արեւմտահայերէնի ապագան. աւանդութեան եւ նորարարութեան հանգուցակէտին վրայ
Ուրբաթ, Մարտ 13-ին, Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան «Սարգիս Մինասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արմէն’լիվր» գիրքի ցուցահանդէսի ծիրէն ներս կազմակերպուած դասախօսական շարքին երրորդ հանդիպումը։ Օրուան հիւրն էր լեզուաբան, Փարիզի ԻՆԱԼՔՕ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսը, որ ներկայացուց «Արեւմտահայերէնին ապագան. նպատա՞կ, միջոցնե՞ր, դերակատարնե՞ր» խորագրեալ շահեկան նիւթը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ մշակոյթի տան տնօրէնուհի Նորա Սարաֆեան-Թաշճեանը, որ ողջունելով բանախօսին ներկայութիւնը՝ ընդգծեց հաստատութեան ունեցած կարեւոր ներդրումը արեւմտահայերէնի փոխանցման գործին մէջ։ Ան յիշեցուց, որ իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրերէն, Հայ մշակոյթի տունը կազմակերպած է հայոց լեզուի եւ ինքնութեան դասընթացքներ, որոնք նախորդող սերունդներուն օգնած են պահպանելու իրենց անքակտելի կապը մայրենի լեզուին ու հայկական մշակոյթին հետ։ Սակայն այսօր, երբ արդէն գործ ունինք Սփիւռքի չորրորդ սերունդին հետ, մարտահրաւէրները արմատապէս փոխուած են։ Լեզուի առօրեայ գործածութիւնը կը կրէ խոր փոխակերպումներ, ընկերային միջավայրերը բազմազան դարձած են, իսկ նորագոյն արհեստագիտութիւնը՝ ներառեալ արհեստական բանականութիւնը, միաժամանակ թէ՛ վտանգներ են եւ թէ՛ նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն լեզուն սորվելու եւ կիրարկելու համար։ Այս առումով, «Արմէն’լիվր»-ի նման գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքներ կենսական դեր կը խաղան, քանի որ անոնք որպէս ընթերցողներու եւ հեղինակներու անմիջական շփման բացառիկ հարթակներ՝ կը ստեղծեն երկխօսութեան, բացայայտման ու գրականութեան փոխանցման կենդանի միջավայր մը։
Ապա խօսք առաւ Անահիտ Տօնապետեան, որ իր ելոյթին սկիզբը պատմական ակնարկով մը յիշեցուց, թէ մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը, արեւմտահայերէնը մշակութային բարձր կենսունակութեամբ օժտուած լեզու մըն էր։ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին անոր զարգացումը կը յենէր դպրոցներու լայն ցանցի մը, բազմաթիւ օրաթերթերու եւ հարուստ գրական արտադրութեան վրայ։ Սակայն 19-րդ դարուն ձեւաւորուած այս գրական լեզուն ճակատագրի բերումով դարձաւ խիստ խոցելի եւ կարօտ՝ շարունակական պաշտպանութեան ու պահպանման։
Բանախօսը վերլուծեց նաեւ Սփիւռքի մէջ, յատկապէս Լիբանանի օրինակով, արեւմտահայերէնի փոխանցման աւանդական մեթոտները։ Ան նկատել տուաւ, որ ուսուցումը յաճախ կեդրոնացած է բացառապէս գրաւոր լեզուին եւ գրագիտական կանոններուն վրայ։ Թէեւ այս մօտեցումը պատմականօրէն մեծապէս նպաստած է լեզուի պահպանման, սակայն ան երբեմն ստուերի մէջ ձգած է հայերէնի բանաւոր, ժողովրդական կամ բարբառային գործածութիւնները, որոնք իրականութեան մէջ որեւէ լեզուի կենսունակութեան ամէնէն հիմնական տարրերն են։
Այսօր արեւմտահայերէնի ապագայի հարցը կը շարունակէ մնալ առանցքային հարցական մը։ Տօնապետեան առաջ քաշեց կարգ մը հիմնական հարցումներ. ինչպէ՞ս կարելի է չափել խօսողներուն լեզուական իրական կարողութիւնները եւ արդեօք բանաւոր հաղորդակցութեան զարգացումն ու լեզուական տարբեր մակարդակներու (գրական, խօսակցական, առօրեայ) միջեւ սահուն կերպով անցնելու ճկունութիւնը նոյնքան կարեւոր չէ՞, որքան գրական խիստ չափանիշերու տիրապետումը։ Ըստ դասախօսին, արեւմտահայերէնի նման փոքրամասնութիւն կազմող եւ վտանգուած լեզուի մը պահպանումն ու փոխանցումը կը պահանջեն նուրբ հաւասարակշռութիւն աւանդութեան եւ նորարարութեան, կառուցուածքային ուսուցման եւ առօրեայ բնական գործածութեան միջեւ։ Սա կ՚ենթադրէ հաստատութիւններու, ընտանիքներու եւ մշակութային դերակատարներու միասնական ու համակարգուած ճիգը։

Իր խորհրդածութիւնները եզրափակելով՝ Անահիտ Տօնապետեան մատնանշեց արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը ամրապնդելու շարք մը գործնական ուղղութիւններ։ Առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ փոքր տարիքէն լեզուի ուսուցման եւ յատկապէս բանաւոր գործածութեան խրախուսումը։ Դասական ուսուցումէն անդին, կենսական է ստեղծել այնպիսի բնական միջավայրեր, ուր հայերէնը կը հնչէ ինքնաբուխ կերպով՝ ըլլայ ան առօրեայ զրոյցներու, մշակութային ձեռնարկներու կամ սերունդներու միջեւ հանդիպումներու ընդմէջէն։ Ասոր զուգահեռ, անհրաժեշտ է լայնօրէն կիրարկել ժամանակակից մանկավարժական միջոցներ. թուային հարթակները, բջջային յաւելուածները (applications), podcasts-ները եւ կրթական փոխներգործուն ծրագրերը (interactive) երիտասարդ սերունդին կրնան ընծայել լեզուն սորվելու եւ կիրարկելու նորարար ձեւեր, որոնք համահունչ են անոնց թուային առօրեային։
Արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու եւ մշակութային նախաձեռնութիւններու քաջալերումը նոյնպէս վճռորոշ նշանակութիւն ունի լեզուն վառ պահելու նպատակին մէջ։ Գրականութիւնը, թատրոնը, երաժշտութիւնը, լրասփիւռները եւ արուեստի ժամանակակից արտայայտչամիջոցները լեզուն կը դարձնեն գրաւիչ եւ կիրարկելի՝ երիտասարդութեան համար։ Այս բոլորը յաջողութեամբ պսակելու նպատակով, դասախօսը շեշտեց Սփիւռքի տարբեր համայնքներուն միջեւ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Այսօր հայկական Սփիւռքը կը գործէ իբրեւ համաշխարհային ցանց մը, որուն հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն միջեւ կապերու ամրապնդումը կրնայ մեծապէս նպաստել փորձառութեանց եւ միջոցներու արդիւնաւէտ փոխանակման։
Ի վերջոյ, լեզուի պահպանումը չի նշանակեր քարացում։ Անհրաժեշտ է պահպանել մեր գրական լեզուի անզուգական հարստութիւնը, միաժամանակ արժեւորելով բանաւոր խօսքն ու արտայայտութեան արդիական ձեւերը։ Միայն այս փոխլրացնող մօտեցման շնորհիւ է, որ արեւմտահայերէնը պիտի կարենայ շարունակել իր կենսական գործունէութիւնը՝ ոչ միայն պահպանելով անցեալի յիշողութիւնը, այլեւ կերտելով ապագայ սերունդներուն մշակոյթն ու կենդանի ինքնութիւնը։
Ն. Ս.-Թ. ■
