Հայաստան կը հիմնէ տարածաշրջանի առաջին զօրութենական արտադրութեան սթիւտիօն

Ֆիլմ

Մինչ Հայաստան կը վերածուի ֆիլմերու եւ հեռատեսիլի շարքերու նկարահանման գլխաւոր կեդրոնի մը, երկիրը ներդրում կը կատարէ տարածաշրջանի առաջին զօրութենական (virtuel) արտադրութեան արուեստանոցին (studio) մէջ, հիմնուած՝ «Epic» ընկերութեան յայտնի «Unreal Engine» ծրագրին վրայ։ Համաշխարհային մակարդակով, նմանօրինակ արհեստագիտութիւններ կ՚օգտագործուին «Netflix»-ի, «Disney»-ի, «Apple TV»-ի եւ «Amazon»-ի նման հսկաներու կողմէ։ Ճիշդ այս արհեստագիտութեամբ նկարահանուած են հեռատեսիլի յաջողած շարքեր, որոնցմէ է օրինակ՝ «Disney»-ի հռչակաւոր «The Mandalorian»-ը։

Այս արհեստագիտութեան շնորհիւ, նկարահանման իրական, ֆիզիքական հրապարակները պիտի միաձուլուին թուային (digital) միջավայրերու հետ՝ օգտագործելով մեծ ու բարձրորակ «LED» պաստառներ եւ հետեւողական (tracking) համակարգերով օժտուած յատուկ տեսախցիկներ։ Նախատեսուած է սթիւտիօն կառուցել Երեւանի մերձակայքը, իսկ անհրաժեշտ սարքաւորումները պիտի մատակարարուին մինչեւ տարեվերջ։

Սթիւտիօն պիտի կարենայ արտադրել նաեւ ծանուցումներ, տեսախաղեր ու կենդանապատկերներ (animation)։ Ըստ նախաձեռնութեան ներդրողներուն, եւրոպական զօրութենական արտադրութեան շուկան ներկայիս կը կազմէ համաշխարհային շուկային շուրջ 27 տոկոսը, եւ Հայաստան կրնայ յաւակնիլ այս տոկոսին մէջ ոչ-արհամարհելի մասնաբաժինի մը։

Ծրագիրը արդէն իսկ ներկայացուած է Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան եւ արժանացած է նախնական հաւանութեան։ Զուգահեռաբար, կը քննարկուին ոլորտին աջակցելու միջոցառումներ, որոնք կ՚ընդւրկեն հարկային արտօնութիւններ, սարքաւորումներու մաքսատուրքէ զերծ կացուցում, ինչպէս նաեւ մինչեւ 30 տոկոս զեղչի դրութիւն՝ միջազգային ֆիլմ արտադրողներուն համար։