Սահմանադրութեան նախագիծը վերջնակա՞ն է, թէ՞ ոչ
Արդարադատութեան նախարարութիւնը Մարտ 20-ին պաշտօնապէս հերքած է լրասփիւռներու մէջ տարածուած նոր Սահմանադրութեան նախագիծին վերջնական ըլլալը, սակայն միեւնոյն ժամանակ ո՛չ հաստատած է, ո՛չ ալ հերքած այն լուրերը, թէ նախաբանէն դուրս պիտի ձգուի Անկախութեան հռչակագիրին կատարուած յղումը։
«Իշխանութիւն լրատուական»-ը նոյն օրը՝ Մարտ 20-ին յայտնած էր, թէ ձեռք բերած է ՀՀ Սահմանադրութեան նոր տարբերակը, որուն նախաբանին մէջ կը բացակայի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման վերաբերող Անկախութեան հռչակագիրի յղումը։ Հետաքրքրական է, որ ատկէ 4 օր առաջ Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան ըսած էր, որ նախագիծի բնագիրը արդէն պատրաստ է, մինչդեռ նախարարութեան այս նոր յայտարարութիւնը, թէ տակաւին խմբագրական եւ բովանդակային փոփոխութիւններ կը կատարուին, եւ կան բազմաթիւ «սեւագիր» տարբերակներ, փաստօրէն կը հակասէ նախարարին։
Նախարար Գալեանի մամլոյ քարտուղար Մարիամ Մելքումեան մերժած է պատասխանել «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի հարցումին, թէ արդեօք Հռչակագիրին յղումը հանուա՞ծ է, թէ՞ ոչ։ Նշենք, որ այս յղումին ջնջումը Ազերպայճանի գլխաւոր նախապայմաններէն մէկն է՝ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար։ Վարչապետ Փաշինեան անձամբ ալ բազմիցս Անկախութեան հռչակագիրը անուանած է «հակամարտութիւն ծնող» եւ դէմ արտայայտուած անոր յիշատակման։
Արդարադատութեան նախարարը նախապէս նշած էր, որ այս կնճռոտ հարցը պիտի վճռուի ո՛չ թէ Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդին քուէարկութեամբ, այլ՝ իշխանութեան գլուխը գտնուող քաղաքական ուժին կողմէ։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան վարչութեան անդամ Յասմիկ Յակոբեան հաստատած է, որ նախաբանի հարցը տակաւին չէ քննարկուած, բայց ինք անձամբ դէմ է Հռչակագիրի յիշատակման, քանի որ ան կը հակասէ Հայաստանի որդեգրած՝ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու նոր քաղաքականութեան։
Միւս կողմէ, Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի անդամ Արթուր Սաքունց կը պնդէ, որ Հռչակագիրին յղումը անպայման պէտք է պահպանուի, քանի որ ան կը հանդիսանայ պետութեան հիմնասիւնը։ Իսկ Էդմոն Մարուքեան կը զգուշացնէ աւելի վտանգաւոր բեմագրութեան մը մասին. եթէ նոր նախագիծը (առանց Հռչակագիրի) դրուի հանրաքուէի եւ մերժուի ժողովուրդին կողմէ, Ալիեւ այդ պիտի շահագործէ որպէս Հայաստանի կողմէ պաշտօնական հողային պահանջք, ինչ որ անոր նոր պատերազմ սկսելու հիմնաւորում պիտի տայ։
