«Freedom House»-ի 2026-ի զեկոյցը. Հայաստան մասամբ ազատ երկիր

Ազատութիւն

«Freedom House» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Մարտ 19-ին հրապարակած է «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ 2026. մենատիրութեան աճող ստուերը» զեկոյցը։ Կը նշուի, որ 2025-ի ընթացքին 54 երկիրներու մէջ վատթարացած են քաղաքական իրաւունքներն ու քաղաքացիական ազատութիւնները, մինչդեռ միայն 35 երկիրներու մէջ բարելաւում արձանագրուած է։

Հայաստան կը գտնուի մասամբ ազատ երկիրներու ցանկին մէջ եւ ունի 100-ի վրայ 54 կէտ (քաղաքական ազատութիւնները՝ 40-ի վրայէն 23 կէտ, քաղաքացիական ազատութիւնները՝ 60-ի վրայէն 31 կէտ)։ Անցեալ տարի եւս Հայաստան 54 կէտ ունէր։ Համացանցի ազատութեան առումով, սակայն Հայաստան ազատ երկիրներու շարքին է՝ 100-ի վրայ 72 կէտով։

Դրացի երկիրներէն Վրաստան նոյնպէս մասամբ ազատ երկիրներու խումբին մէջ է՝ 51 կէտով, սակայն անցեալ տարուան 55 կէտին համեմատ՝ այս տարի երկիրը նահանջ արձանագրած է։ Զեկոյցը կը նշէ, որ Վրաստանի մէջ 2024-ին սկսած լայնածաւալ հակակառավարական բողոքի ցոյցերը շարունակուած են ամբողջ 2025 տարուան ընթացքին, նոյնիսկ ցուցարարներուն՝ անհամաչափ ուժի դէմ-յանդիման գտնուելէն եւ ոստիկանութեան կողմէ գէշ վերաբերումէ ետք։ Այս բոլորին պատճառով Վրաստանի գնահատականը նուազած է 4 կէտով։

Ինչ կը վերաբերի Ազերպայճանին, ան ունի 100-ի վրայ միայն 6 կէտ եւ կը դասուի ոչ-ազատ երկիրներու խումբին մէջ. անցեալ տարի ան ունէր 7 կէտ։ Այսպէսով, Ազերպայճանի ցուցանիշը վերջին 20 տարիներուն 33-էն իջած է 6-ի։