Ուքրաինայի պատերազմէն երկու օր առաջ

Atenessian-Deux jours avant...jpg

Ծագումով արցախցի, լրագրող, վերլուծաբան, մանկավարժ, հասարակական֊քաղաքական գործիչ, Արցախի նախկին երեսփոխան Վահրամ Աթանէսեան «Դիմագիրք»-ի իր էջին կը գրէ. 

2022 Փետրուար 22-ին Իլհամ Ալիեւի հետ ստորագրուած «Դաշնակցային ռազմավարական համապարփակ յարաբերութիւններու հռչակագիր»-ով՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ճանչցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Ազերպայճանի ներքին գործն է եւ թէ Ռուսաստան պիտի չմիջամտէ այդ խնդրին։ Ամիս մը ետք, ան Պաքու ղրկեց ռուսական զինեալ ուժերու ցամաքային զօրքերու հրամանատարի առաջին տեղակալ, զօրավար-գնդապետ Ալեքսէյ Քիմը։

Երկու օր ետք՝ Մարտ 24-ին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուսական «խաղաղապահ» զօրախումբի հրամանատարութիւնը Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղն ու Քարագլուխի բարձունքը յանձնեց ազերպայճանական բանակի յատուկ ջոկատայիններուն։ Փութինի եւ Ալիեւի կողմէ ստորագրուած հռչակագիրի քառասուն կէտերէն ո՛չ մէկը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման։ Սա անհերքելի փաստ է։ Մնացեալը պարզապէս մանրուքներ են կամ կանխամտածուած շահարկում։

Հայաստանի մէջ որեւէ լուրջ անձ, յատկապէս այս նախընտրական շրջանին, պարտաւոր է կարելի բոլոր միջոցներով այս ճշմարտութիւնը ներկայացնելու ընտրողներուն։ Անոնք, որոնք կը խօսին «հայրենասիրութեան» մասին, պէտք է ունենան մէկ կարգախօս. «Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ չի կրնար գալ ո՛չ մէկ ուժ կամ անհատ, որ կ՚արդարացնէ ռուս-ազերպայճանական հակահայկական դաշինքը։ Ով որ այս ուղին կը բռնէ՝ կը զոհաբերէ մեր հայրենիքը»։ Եւ, հետեւաբար, ան արժանի է ընդմիշտ մերժուելու եւ վանուելու։