Հայաստան. պարտադիր քայլերով խաղաղութիւն՝ Ազերպայճանի հետ
Վերոյիշեալ խորագիրը կրող յօդուած մը լոյս տեսած է «Le Monde» օրաթերթի «L’Époque» յաւելուածին մէջ, Կիրակի, Մարտ 22-ի եւ Երկուշաբթի, Մարտ 23-ի թիւով (էջ 16 եւ 17)։ Ֆոսթին Վենսանի ստորագրութիւնը կրող այս ծաւալուն յօդուածը կը վերլուծէ Հայաստանի ստիպողական ընթացքը դէպի խաղաղութիւն Ազերպայճանի հետ։ Աւելի քան երեք տասնամեակ տեւած հակամարտութենէ եւ 2023-ի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի «անջատողական կղզեակին (enclave)» վերջնական անկումէն ետք, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը ջանայ փրկել իր երկրէն մնացածը եւ զայն դուրս բերել մեկուսացումէն՝ բնականոնացնելով յարաբերութիւնները դրացիին հետ։
Խաղաղութեան այս աննախադէպ շարժընթացը մեծապէս խթանուեցաւ Տանըլտ Թրամփի միջամտութեամբ, որ գործընթացը դիւրացուց՝ 2025 Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպելով պատմական վեհաժողով մը։ Այս առիթով նախկին խորհրդային երկու հանրապետութիւններու ղեկավարները նախաստորագրեցին խաղաղութեան համաձայնագիր մը, որ մեծ զիջումներ կը պահանջէ Երեւանէն՝ պարտադրելով հրաժարիլ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ որեւէ պահանջատիրութենէ։ Այս հաշտութեան հիմնական շարժառիթը առեւտրային եւ ենթակառուցային հսկայ ծրագիր մըն է, որ կոչուած է «Թրամփի ուղի՝ միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար» (կամ Tripp ծրագիր)։ Փոխադրամիջոցներ, ուժանիւթ եւ օփթիքական մալուխ (fibre optique) ընդգրկող այս բարդ ցանցը ունի ռազմավարական նպատակ մը՝ Կեդրոնական Ասիան կապել Եւրոպային՝ միտումնաւոր կերպով շրջանցելով Ռուսաստանն ու Իրանը։ ԱՄՆ այստեղ կը ստանայ առիւծի բաժինը, քանի որ ան պիտի տնօրինէ այս ծրագրի բաժնեթուղթերուն 74%-ը՝ 49 տարուան համար։ Աշխարհաքաղաքական գետնի վրայ Ուաշինկթընի այս ուղղակի ներգրաւումը կը նշանակէ յստակ լուսանցքայնացումն ու դերազրկումը Մոսկուայի, որ այժմ Երեւանի կողմէ կը դիտարկուի որպէս թերացած դաշնակից՝ ազերպայճանական յարձակումներուն դիմաց ցուցաբերած իր կրաւորականութեան պատճառով։
Սակայն տեղւոյն վրայ, հայ ժողովուրդը այս ցնցումը կ՚ապրի խիստ յուզական կերպով եւ կը մնայ խորապէս երկփեղկուած։ Թէեւ բնականոնացման շօշափելի նշաններ կ՚երեւին, ինչպէս օրինակ՝ երկրի կայաններուն մէջ ազերպայճանական պենզինի աննախադէպ մուտքը, բայց եւ այնպէս կասկածամտութիւնը յամառօրէն կը յարատեւէ, եւ շատեր կը մերժեն զայն գնել՝ պատմական թշնամին չհարստացնելու համար։ Տասնեակ հազարաւոր մարդկային կորուստներու պատճառած հոգեցնցումը դժուար ընդունելի կը դարձնէ յարաբերութիւններու խաղաղացման նոյնիսկ գաղափարը։ Ի դէպ, հակառակ երկու կողմերու ռազմական ծախսերու հսկայական աճին, հայկական գաղտնի սպասարկութիւնները այսօր կը գնահատեն, թէ լայնածաւալ յարձակումի մը վտանգը այս փուլին տակաւին ցած կը մնայ, թէեւ անորոշութիւնը կը շարունակուի մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու Պաքուի իրական մտադրութիւններուն շուրջ։
