Պէտք է այսօր (վեր)ընթերցել Սարաֆեանը

ՆԻկողոս Սարաֆեան-1

Գրեց՝ Արա ՏԱՆՏԻԿԵԱՆ

«Վէպեր» գիր­քը լոյս տե­սաւ 2020-ին Գրի­գոր Պըլ­տեանի խմբագ­րութեամբ՝ Երե­ւանի մէջ, արեւմտա­հայե­րէնով, շնոր­հիւ երեք հրա­տարակ­չութիւննե­րու՝ «Սար­գիս Խա­չենց»-ի, «Փրին­թինֆօ»-ի եւ «Անտա­րես»-ի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ Կիւլպէն­կեան հիմ­նար­կու­թեան աջակ­ցու­թեան։ Հատորը մէկ գիր­քի մէջ կը հա­մախմբէ Նի­կողոս Սա­րաֆեանի կող­մէ 1929-էն 1947 գրուած չորս վէ­պերը, որոնք նա­խա­պէս հրա­տարա­կուած էին մամ­լոյ մէջ որ­պէս թեր­թօն, ինչպէս դեռ այ­սօր ալ սո­վորու­թիւն է։ «Ղու­կաս այ­պա­նելին»՝ «Զուարթնոց»-ի մէջ (Փա­րիզ, 1929), «Խա­րիս­խէն հե­ռու»՝ «Հայ­րե­նիք»-ի մէջ (Ուո­թըր­թաուն, Մա­սաչու­սէց, 1932), «Իշ­խա­նու­հին»՝ «Ամ­րոց»-ի մէջ, (Փա­րիզ, 1934), «Մա­նուկ Դուինեան»՝ «Նա­յիրի»-ի մէջ (Պէյ­րութ, 1948)։ Գրի­գոր Պըլ­տեան կը նշէ, որ բնա­գիր ոչ մէկ ձե­ռագիր գտնուած է եւ թէ որ­պէս բնա­գիր գոր­ծա­ծուած­նե­րը՝ յի­շեալ թեր­թե­րուն մէջ լոյս տե­սած­նե­րուն հա­զիւ թէ սրբագ­րուած ըն­դօ­րինա­կու­թիւններն են։

Ես բախտն ու­նե­ցայ, որ Ար­փի Թո­թոյեան հա­մաձայ­նե­ցաւ այս հա­տորը ին­ծի տրա­մադ­րել քա­նի մը տա­րի. ան ար­դէն ին­ծի նուիրած էր «Լոյ­սի ցա­ւեր» պատ­մուածքնե­րու ժո­ղովա­ծուն, որ 2022-ին թարգմա­նած էի « Terres de Lumières » խո­րագ­րով: Նոր աւար­տած էի «Իշ­խա­նու­հին» վէ­պի ֆրան­սե­րէն թարգմա­նու­թեան առա­ջին սե­ւագ­րութիւննե­րը՝ հիմ­նուելով բնա­գիր հրա­տարա­կու­թեան վրայ, եւ «Մա­նուկ Դուինեան»-ինը, որ առան­ձին հրա­տարա­կուած էր Հա­յաս­տա­նի մէջ 2020-ին «Էտիթ Փրինթ»-ի կող­մէ Սփիւռք մա­տենա­շարով, եւ որ պա­տահա­բար գտած էի Փա­րիզի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի գրա­սենեակին մէջ, վա­ճառե­լի գիր­քե­րու շար­քին։ Սա ին­ծի առիթ տուաւ բաղ­դա­տելու այս հրա­տարա­կու­թիւննե­րը, բայց մա՛նա­ւանդ բա­ցայայ­տե­լու «Ղու­կաս այ­պա­նելին» եւ «Խա­րիս­խէն հե­ռու» վէ­պերը: Այսպէ­սով, կրցայ ամ­բողջու­թեամբ թարգմա­նել ինչ որ Նի­կողոս Սա­րաֆեան, բազ­մա­թիւ տա­րակու­սանքնե­րէ ետք, կը կո­չէր իր վէ­պերը։

Որ­պէս յա­ռաջա­բան՝ Գրի­գոր Պըլ­տեան «Եր­կու խօսք»-ով կը ներ­կա­յաց­նէ իւ­րա­քան­չիւր հրա­տարա­կու­թեան պատ­մութիւ­նը՝ Սա­րաֆեանի եւ իր հրա­տարա­կիչ­նե­րուն մի­ջեւ փո­խանա­կուած նա­մակ­նե­րու քա­ղուածքնե­րով եւ բնագ­րե­րու հո­լովոյ­թին մա­սին բազ­մա­թիւ ման­րա­մաս­նութիւննե­րով: Հա­տորին աւար­տին ան հա­կիրճ կեր­պով կ՚անդրա­դառ­նայ իւ­րա­քան­չիւր վէ­պին, առանձնա­բար:

«Թող մե­ռել­նե­րը թա­ղեն իրենց մե­ռել­նե­րը… Ես կ՚ու­զեմ ապ­րիլ…», կ՚ըսէ Զա­րու­հին «Խա­րիս­խէն հե­ռու»-ին մէջ: Այս բա­նաձե­ւը կրնար ցնցիչ թուիլ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն նուազ քան քսան տա­րի ետք: Բայց Զա­րու­հին, կին եւ ըն­տա­նիքի մայր, կը պա­հան­ջէ իր ազա­տագ­րումը եւ պի­տի պայ­քա­րի զայն ձեռք բե­րելու հա­մար՝ նոյ­նիսկ դժուարու­թիւննե­րու դէմ-յան­դի­ման: Այս նիւ­թը, որ սկիզ­բէն մին­չեւ վերջ գրուած է այր մար­դու մը գրի­չով, ակնյայ­տօ­րէն հա­կառակ կը հո­սէր ժա­մանա­կի ըն­կե­րու­թիւննե­րու բա­րոյա­կան կա­նոն­նե­րուն: Այս վէ­պը ան­տա­րակոյս Սա­րաֆեանի վրձնած փա­րիզա­հայ գա­ղու­թի պատ­կերնե­րուն ամէ­նէն կա­տարեալն է: Փա­րիզի մէջ հայ ըն­տա­նիքի մը ող­բերգա­կան պատ­մութեան ընդմէ­ջէն՝ քա­նի մը գլուխներ յատ­կա­ցուած են Սէն-Մի­շէլ թա­ղամա­սի հայ մտա­ւորա­կան­նե­րու սո­վորու­թիւննե­րուն, քիչ մը նման՝ Պել­վի­լի հա­սարակ ժո­ղովուրդին (փոքր մար­դոց), զոր Գլե­ման Լե­փիտիս պի­տի նկա­րագ­րէր տա­րիներ ետք իր «Հա­յը» գոր­ծին մէջ: Հոն կը հան­դի­պինք, ի մի­ջի այ­լոց, վաշ­խա­ռու, բռնա­բարող եւ մար­դասպան բժիշ­կի մը հի­ւան­դա­գին կեր­պա­րին, որ միշտ յա­ջողու­թեամբ դկը պրծի նեղ կա­ցու­թիւննե­րէն եւ հարստու­թիւն կը դի­զէ։

Գլխա­ւոր նիւ­թը զոյ­գի մը հո­լովոյթն է, որ դէմ-յան­դի­ման կը գտնուի նիւ­թա­կան դժուարու­թիւննե­րու, բայց մա՛նա­ւանդ Փա­րիզի այս հիւ­րընկալ հո­ղին վրայ՝ իրենց նոր կեան­քին վե­րաբե­րեալ այ­րին ու կնոջ տրա­մագ­ծօ­րէն հա­կադիր ըմբռնումնե­րուն: Ասոր կ՚աւել­նայ երե­քով ապ­րող ըն­տա­նիքի մը խայ­տա­ռակու­թիւնը՝ պահ­պա­նողա­կան, բայց յա­րաբե­րաբար հա­մերաշխ սփիւռքի մը մէջ: Սա Սա­րաֆեանի յանդգնու­թիւննե­րէն մէկն է, որ ար­դէն ար­ծարծած էր պար­մա­նու­հիի մը ազա­տագ­րումն ու տոհ­մապղծու­թեան (inceste) ծու­ղա­կը իյ­նա­լը իր առա­ջին վէ­պին մէջ, գրուած՝ 27 տա­րեկա­նին, ճիշդ այն մեծ յա­ջողու­թե­նէն ետք, զոր ար­ձա­նագ­րած էր անոր «Անջրպե­տի մը գրա­ւու­մը» (Փա­րիզ, 1928) բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու ժո­ղովա­ծուն։ «Ղու­կաս այ­պա­նե­լին» վէ­պին մէջ Սա­րաֆեանի գլխա­ւոր հե­րոսը երի­տասարդ է, անվճռա­կամ եւ միամիտ: Ղու­կա­սը երի­տասարդ տղա­մարդ մըն է. ան կ՚ապ­րի կնոջ մը հետ, որ Ամե­րիկա մեկ­նած իր ամու­սի­նը փո­խարի­նած է քիչ մը երազ­կոտ այս երի­տասարդ բա­նաս­տեղծով: Ամու­սի­նը կը վե­րադառ­նայ քա­նի մը տա­րի ետք,– վէ­պին սկիզբն իսկ,– եւ յա­ջոր­դող իրա­դար­ձութիւննե­րը իրա­պէս կրնա­յին խան­գա­րել ըն­թերցո­ղը։ Պատ­մուած­քի կա­ռոյ­ցը եւս կրնար տհաճ թուիլ՝ իր իւ­րա­յատ­կութեամբ եւ ար­դիակա­նու­թեամբ: Պատ­մութիւ­նը ար­դա­րեւ շար­ժա­պատ­կե­րային տե­սարան­նե­րու շարք մըն է, որոնց մէջ կը շար­ժին կեր­պարնե­րը: Վէ­պը կ՚անցնի մէկ տե­սարա­նէն միւ­սը, եւ այսպէս է որ կը տես­նենք պատ­մութեան ծա­ւալու­մը։ Սա­րաֆեան առի­թէն կ՚օգ­տուի ար­ծարծե­լու հա­մար գրո­ղի մը նուրբ կա­ցու­թիւնը, երբ կ՚ընտրէ իր հա­մայնքը որ­պէս տի­պար՝ ակ­նարկե­լով այն անե­լին, որ միայն այդ հա­մայնքին հա­մար գրե­լու ընտրու­թիւնն է: Իրա­կանու­թեան մէջ, հոս ան կ՚ակ­նարկէ ի՛ր իսկ պա­րագա­յին. ան, որուն ամ­բողջ գրա­կան ար­տադրու­թիւնը, բա­ցի շատ հա­զուա­դէպ բա­ցառու­թիւննե­րէ, միշտ հա­յերէ­նով եղած է։ Հա­կառակ շատ հա­ւանա­կան աւար­տի մը, վէ­պը կ՚եզ­րա­փակուի բա­ւական անո­րոշ կեր­պով: Կա՞ր ար­դեօք շա­րու­նա­կու­թիւն մը։ «Զուարթնոց» հան­դէ­սի հրա­տարա­կու­թիւնը անակնկալ կեր­պով կ՚ընդհա­տուի այս վեր­ջին թի­ւով: Իսկ Սա­րաֆեան, որ միշտ դժգոհ էր, ան­ձամբ ոչնչա­ցու­ցած է իր ձե­ռագ­րե­րէն շա­տեր:

Այս չորս վէ­պերը լոյս տե­սած են որ­պէս թեր­թօն հայ­կա­կան հան­դէսնե­րու եւ թեր­թե­րու մէջ. «Ղու­կաս այ­պա­նելին» եւ «Իշ­խա­նու­հին»՝ Ֆրան­սա­յի մէջ, «Խա­րիս­խէն հե­ռու»-ն՝ Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ, իսկ «Մա­նուկ Դուինեան»-ը՝ Լի­բանա­նի մէջ: Դժուար է երե­ւակա­յել, որ Լի­բանա­նի մէջ ըն­թերցող մը կա­րենար հե­տեւիլ Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ լոյս տե­սած թեր­թօ­նի մը (բա­ցի թե­րեւս Գրի­գոր Պըլ­տեանէն եւ Յա­րութ Քիւրքճեանէն), եւ հե­տեւա­բար Սա­րաֆեանի վի­պական գոր­ծին տա­րածու­մը չէր հա­մապա­տաս­խա­ներ անոր ար­ժա­նիք­նե­րուն: Գրի­գոր Պը­լտեանի հրա­պարա­կած մէկ հա­տուա­ծէն ի յայտ կու գայ, որ ըստ Սա­րաֆեանի՝ Ֆրան­սա­յի մէջ ան­շուշտ կա­յին քննա­դատող ըն­թերցող­ներ, բայց կա­յի՛ն նոյնքան ալ քա­ջալե­րող­ներ:

1921-էն իսկ իր առա­ջին բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը լոյս կը տես­նեն Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանի իր ու­սուցչին՝ Վա­հան Թէ­քէեանի թե­լադ­րանքով։ 1928-ին «Անջրպե­տի մը գրա­ւու­մը» գոր­ծով հան­րա­ծանօթ դառ­նա­լով՝ ան կը յա­ջողի ապա­հովել անհրա­ժեշտ աջակ­ցութիւննե­րը, որ­պէսզի իր քեր­թուած­նե­րու ժո­ղովա­ծու­նե­րը դառ­նան առան­ձին գիր­քեր: Բայց նոյ­նը պի­տի չըլ­լար ճա­կատա­գիրը իր ար­ձա­կին, որ կ՚ըն­դունուէր թեր­թե­րու մէջ, բայց ոչ՝ գիր­քի ձե­ւով… Քա­նի որ,– ինչպէս տե­սանք,– իր վէ­պերուն մէջ ան կը խան­գա­րէր՝ իւ­րա­քան­չիւր ան­գամ որ­դեգրե­լով տար­բեր ոճ մը, որ կը շփո­թեց­նէր նոյ­նիսկ գրա­կան քննա­դատ­նե­րը, եւ ար­ծարծե­լով ժա­մանա­կի հա­մար փշոտ եւ անըն­դունե­լի նիւ­թեր, որոնք սա­կայն այ­սօր մեր առօ­րեային մաս կը կազ­մեն: Կ՚ըսուի թէ 1946-ին Յա­կոբ Օշա­կանի (որ նոյնպէս՝ Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանին մէջ իր ու­սուցի­չը եղած էր) գրած խիստ քննա­դատու­թիւննե­րը թե­րեւս ետ կե­ցու­ցած են Նի­կողոս Սա­րաֆեանը իր վէ­պերը ընդգրկե­լէ իր գրա­ւոր գոր­ծե­րուն ցան­կին մէջ, զոր ինք կազ­մած էր։

Սա­կայն, ան պնդեց իր կեն­դա­նու­թեան, որ 1947-ին գրուած «Վէն­սէ­նի ան­տա­ռը» դառ­նայ գիրք եւ ոչ թէ դրուագ­նե­րու շարք՝ թեր­թօ­նի ձե­ւով: Անոր այդ փա­փաքը իրա­կանա­ցաւ 1988-ին, քա­ռասուն տա­րի ետք, շնոր­հիւ Գրի­գոր Պըլ­տեանին: «Վէն­սէ­նի ան­տա­ռը» գոր­ծին հրա­տարա­կու­թիւնն էր, որ Սա­րաֆեանի ար­ձա­կը վե­րադար­ձուց գրա­կան բեմ: Անա­հիտ Տրէ­զեանի ֆրան­սե­րէն գե­րազանց թարգմա­նու­թիւնը հրա­տարա­կուե­ցաւ 1993-ին Parenthèses հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ՝ այսպէ­սով սկիզբ դնե­լով այդ հրա­տարակ­չա­տան հայ­կա­կան գոր­ծե­րու ֆրան­սե­րէն Diasporales հիանա­լի մա­տենա­շարին։

Այս ար­ձակ բա­նաս­տեղծու­թիւնը կամ բա­նաս­տեղծա­կան ար­ձա­կը, ինչպէս Գրի­գոր Պըլ­տեան կը բնու­թագրէ զայն, բո­լորին կող­մէ ճանչցուած գլուխ-գոր­ծոց մըն է։ Ֆրան­սե­րէնի մէջ՝ իր բա­նաս­տեղծա­կանու­թեամբ, առա­ջին էջե­րու տո­ղերուն ընդմէ­ջէն Ռեմ­պո­յի «Ար­բած նա­ւը» (Bateau ivre) գոր­ծին ուղղուած յար­գանքի տուրքով, իսկ հա­յերէ­նի մէջ՝ այդ նոյն էջե­րուն վրայ սփռուող երաժշտա­կան նօ­թագ­րութեան մը պէս՝ յղկուած բնա­գիրի մը երաժշտա­կանու­թեամբ:

Նի­կողոս Սա­րաֆեանի մտադ­րութիւննե­րը լիովին տար­բեր են իր վէ­պերուն պա­րագա­յին։ Ան կ՚որ­դեգրէ իրա­պաշտ եւ ան­զի­ջող գրե­լաոճ մը, միաժա­մանակ նկա­տի առ­նե­լով կա­ցու­թա­ձեւը (contexte), Ֆլո­պէրի կամ Զո­լայի,– առանց մոռ­նա­լու Քաֆ­քա­յի,– գրի­չով նկա­րագ­րե­լու հա­մար եր­կու հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազմնե­րու մի­ջեւ Ֆրան­սա նոր ժա­մանած հայ հա­սարա­կու­թիւնը։ Բայց անոր խօս­քե­րը կը խան­գա­րեն իրենց անսքօղ իրա­պաշ­տութեամբ եւ հա­կասու­թեան մէջ են ժա­մանա­կի բա­րոյա­կանու­թեան եւ ըմբռնումնե­րուն հետ։ Կ՚ըսուի թէ ինքն իսկ ի վեր­ջոյ դա­տած է, որ իր ար­տադրա­ծը սխալ է, թե­րագ­նա­հատած է իր ոճը եւ տա­ռապած է ան­կէ։

Իրա­կանու­թիւնը ըստ իս այն է, որ ինչպէս յա­ճախ, ան կան­խած էր իր ժա­մանա­կը եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով ան­հասկնա­լի մնա­ցած է։ Բա­ցառուած չէ, որ Յա­կոբ Օշա­կանի նման հսկայ գրող մը նոյ­նիսկ քիչ մը նա­խան­ձած ըլ­լայ զայն, անոր բո­լոր վէ­պերը եւ բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը բա­ցայայ­տօ­րէն ամ­բողջո­վին ձա­խողած հա­մարե­լու աս­տի­ճան։

Սա­րաֆեանի գրա­կան գոր­ծին մա­սին մօտ 300 էջ­նոց եր­կար ու­սումնա­սիրու­թիւն մը հրա­տարա­կուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ 2023-ին Դա­ւիթ Մո­սինեանի կող­մէ, որ միայն շուրջ քսան էջ կը յատ­կացնէ չորս վէ­պերուն, որոնց կը կցէ նաեւ «Լոյ­սի ցա­ւեր»-ը։ Ան մէջ­բե­րումներ կ՚ընէ «Վէ­պեր»-ուն մէջ տեղ գտած առա­ջին վէ­պէն՝ «Ղու­կաս այ­պա­նելին»-էն, ուր ինչպէս ըսուեցաւ վե­րը, Սա­րաֆեան կ՚ար­ծարծէ սփիւռքա­հայ գրո­ղի կար­գա­վիճակն ու իր իսկ կա­ցու­թիւնը: Մո­սինեան կը կրկնէ Փայ­լակ Սա­նասա­րի քննա­դատու­թիւննե­րը,– զորս Պըլ­տեան մէջ­բե­րած է իր յա­ռաջա­բանին մէջ,– ուր ան (Սա­նասար) կը դա­տապար­տէ «ան­կապ ոճ մը» «Ղու­կաս այ­պա­նելին»-ի գրե­լաոճին մէջ։ Բո­լորը կար­ծէք հա­մակար­ծիք են հաս­տա­տելու հա­մար, որ Սա­րաֆեանի վէ­պերը նուազ ար­ժէք ու­նին, քան Որ­բունիի կամ ու­րիշնե­րու գոր­ծե­րը։ Հոն կը գտնենք նաեւ Օշա­կանը, որուն քննա­դատու­թիւննե­րը, ինչպէս գի­տենք, միշտ խայ­թիչ էին եւ եր­բեմն անար­դա­րացի, երբ հար­ցը չէր վե­րաբե­րեր իր իսկ գոր­ծին:

2020-ի ըն­թերցո­ղը սա­կայն որե­ւէ աղերս չու­նի 1920-ական­նե­րու ըն­թերցող­նե­րուն հետ: Կեան­քը, կի­ներու եւ երի­տասար­դութեան կար­գա­վիճա­կը ըն­կե­րու­թեան մէջ՝ փո­փոխուած են, գո­նէ Եւ­րո­պայի մէջ, եւ այն՝ ինչ որ ժա­մանա­կին կ՚ըն­կա­լուէր ծայ­րա­յեղու­թիւն,– չը­սելու հա­մար՝ բա­րեկրթու­թեան վի­րաւո­րանք,– այ­սօր առօ­րեայ դար­ձած նիւ­թեր են: Ընդհա­կառակն, հայ­կա­կան սփիւռքնե­րը այ­սօր յու­սա­խաբու­թեան նոյն վի­ճակին մէջ կը գտնուին, կամ նոյ­նիսկ ներ­քին հա­կադ­րութեան՝ մայր հայ­րե­նիքի հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու հար­ցով, ինչպէս Սա­րաֆեանի վէ­պերուն մէջ: Նոյ­նիսկ զար­մա­նալի է տես­նել, թէ որ­քա՛ն ակնբախ են նմա­նու­թիւննե­րը այն հար­ցե­րուն հետ, որոնք սա­կայն ժա­մանա­կին իրա­րու հա­կադ­րած էին ըն­թերցող­նե­րը: Միայն այս պատ­ճա­ռով իսկ ար­ժէ, որ այս չորս վէ­պերը ի վեր­ջոյ կար­դա­ցուին այ­սօր։

Իր վեր­ջին վէ­պը՝ «Մա­նուկ Դուինեան»-ը, միշտ շատ իրա­պաշտ կեր­պով գրուած, կը խօ­սի հա­յու մը մա­սին, որ «յա­ջողած է կեան­քի մէջ», բայց կը յայտնուի հի­ւանդ ու աս­պա­րէզի աւար­տին: Հոն կը բա­ցայայ­տենք տա­ռապան­քը մար­դու մը, որ կտրուած է իր հայ­րե­նակից­նե­րէն եւ այ­լեւս չի կառ­չիր իր ար­մատնե­րուն: Կա­մաց-կա­մաց հի­ւան­դութիւնն ու մա­հը կը սո­ղոս­կին անոր միտ­քին մէջ եւ հոն կը սկսի ահա­ւոր ներ­քին պայ­քար մը։ Ըն­թերցո­ղը կը ներ­քա­շուի զուտ քաֆ­քա­յական մթնո­լոր­տի մը մէջ՝ վեր­ջա­ւորու­թեան վե­րագտնե­լու հա­մար Սա­րաֆեանի բնա­կան բա­նաս­տեղծա­կանու­թիւնը։ Սա­րաֆեան առի­թէն կ՚օգ­տուի հոս եւս խա­րազա­նելու առեւտրա­կան եւ ան­կա­րող բժշկու­թիւն մը։ Ան նաեւ աներկբա­յօրէն կը խօ­սի իր կեր­պա­րին՝ գաղտնի ըն­կե­րու­թեան մը պատ­կա­նելիու­թեան մա­սին, որ ան­շուշտ կը նպաս­տէ անոր վե­րել­քին, բայց զայն կը լքէ երբ անոր ճա­կատա­գիրը կը մթագ­նի: Հոն կը գտնենք վտա­րան­դի հա­յերու կեն­դա­նի եւ բազ­մա­զան նկա­րագ­րութիւններ, որոնց մենք տա­կաւին կրնանք հան­դի­պիլ այ­սօր: Ու­շագրաւ տարր մը՝ Գրի­գոր Պըլ­տեան կը մէջ­բե­րէ հա­տուած մը Պէյ­րութի «Նա­յիրի» թեր­թի տնօ­րէն, մե­ծատա­ղանդ գրող Անդրա­նիկ Ծա­ռու­կեանի՝ Սա­րաֆեանին ուղղուած մէկ նա­մակէն, ուր ան կ’ըսէ թէ անձնա­պէս շատ սի­րած է «Մա­նուկ Դուինեան» թեր­թօ­նը, զոր իր ըն­թերցող­նե­րը այժմ կը կար­դան իր թեր­թին մէջ, սա­կայն ի վեր­ջոյ նե­րողու­թիւն կը խնդրէ հա­կառակ նա­խապէս գո­յացած հա­մաձայ­նութեան՝ զայն որ­պէս գիրք չհրա­տարա­կելուն հա­մար, «թեք­նիք պատ­ճառնե­րով», որոնք խնդիր պի­տի յա­ռաջաց­նէին գրա­խանութնե­րուն մէջ։ Սա պար­զա­պէս պատ­րուակ մը կը թուի ըլ­լալ, բայց ի վեր­ջոյ գիր­քը լոյս չի տես­ներ:

Եթէ կա­րելի ըլ­լար առա­ջին՝ «Ղու­կաս այ­պա­նելին» վէ­պէն, նկա­րահան­ման տե­սարան­ներ յի­շեց­նող իր գլուխնե­րով, շար­ժա­պատ­կեր մը ստեղ­ծել, ապա «Իշ­խա­նու­հին» աւե­լի «հա­կամէտ» է ներշնչե­լու թա­տերա­խաղ մը: Գե­ղեցիկ, կարճ եւ խիտ վէպ մըն է, որ կ՚ար­ծարծէ կիր­քը, սեռն ու ոճի­րը՝ քիչ թէ շատ յար­գե­լով դա­սական թատ­րո­նի գոր­ծո­ղու­թեան միաս­նութիւ­նը: Այս վէ­պը միակն էր, որ 1934-ին գիր­քի վե­րածուեցաւ՝ հե­ղինա­կային հրա­տարա­կու­թեամբ, թե­րեւս նաեւ մե­կենա­սի մը աջակ­ցութեամբ: Այն ժա­մանակ ան ար­ժա­նացաւ իս­կա­կան գնա­հատան­քի, բայց Սա­րաֆեանի միակ վէպն էր, որուն վեր­նա­գիրը մին­չեւ հի­մա ծա­նօթ էր, որով­հե­տեւ միւսնե­րը մնա­ցած էին Ֆրան­սա, Ամե­րիկա եւ Լի­բանան լոյս տես­նող թեր­թե­րու սիւ­նակնե­րուն մէջ:

Որ­քան որ Սա­րաֆեանի յօ­դուած­նե­րը կա­նոնա­ւոր կեր­պով լոյս կը տես­նէին բազ­մա­թիւ եր­կիրնե­րու թեր­թե­րուն մէջ, նոյնքան ալ իր վէ­պերուն գո­յու­թիւնը մնա­ցած էր ան­գի­տուած: Սա՛ է տար­բե­րու­թիւնը Նի­կողոս Սա­րաֆեանի՝ որ­պէս երի­տասարդ տա­րիքէն ճանչցուած բա­նաս­տեղծ, բայց ան­տե­սուած՝ որ­պէս վի­պասան, եւ Շա­հան Շահ­նուրի մի­ջեւ, որուն «Նա­հան­ջը առանց եր­գի» վէ­պը նոյնպէս թեր­թօ­նի ձե­ւով լոյս տե­սաւ 1929-ին՝ «Յա­ռաջ» օրա­թեր­թին մէջ, որ մե­կենաս մը գտնե­լով՝ զայն արա­գօրէն հրա­տարա­կեց առան­ձին հա­տորով՝ հա­կառակ կարգ մը ան­հա­մահունչ քննա­դատու­թիւննե­րու: Այս վէ­պը հա­մարուեցաւ սփիւռքա­հայ գրա­կանու­թեան գլուխ-գոր­ծո­ցը։ Գրա­կան աշ­խարհը լայ­նօ­րէն բա­ցաւ իր դռնե­րը Շահ­նուրի առ­ջեւ, որ փայ­լուն յա­ջողու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց։

Միւս կող­մէ, Նի­կողոս Սա­րաֆեան ինք աւե­լի կա­պուած էր իր բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը հրա­տարա­կուած տես­նե­լու գա­ղափա­րին, եւ իր յա­ջողու­թիւնը նոյնքան հնչեղ էր, բայց միայն հայ­կա­կան գրա­կան շրջա­նակէն ներս, քա­նի որ, թէեւ ինք եւս շատ լաւ կը տի­րապե­տէր ֆրան­սե­րէնին եւ ֆրան­սա­կան գրա­կանու­թեան, սա­կայն կը գրէր միայն հա­յերէ­նով։ Եւ հե­տեւա­բար 1988-ին «Վէն­սէ­նի ան­տա­ռը» գոր­ծին մէջ պատ­մուածքնե­րու շար­քի մը հրա­տարա­կու­թիւնը, եւ աւե­լի ուշ անոր թարգմա­նու­թիւնը զինք աւե­լի լաւ ծա­նօթա­ցու­ցին Ֆրան­սա­յի մէջ՝ Սա­րաֆեանի ար­ձա­կը վե­րադարձնե­լով գրա­կան բեմ:

Բայց եւ այնպէս, «Վէ­պեր» հա­տորը, որ կը հա­մախմբէ չորս վէպ եւ կը հան­դի­սանայ քսա­ներորդ դա­րու առա­ջին կի­սու հայ­կա­կան սփիւռքի մէկ գրա­ւիչ դի­ման­կա­րը, գործնա­կանա­պէս տա­րածում չէ գտած Ֆրան­սա­յի մէջ։ Ես ի դէպ բնաւ զայն վա­ճառ­քի դրուած չեմ տե­սած նոյ­նիսկ վեր­ջին տա­րինե­րուն կա­յացած հայ գիր­քի բազ­մա­թիւ ցու­ցա­հան­դէսնե­րուն ըն­թացքին։ Այ­լա­պէս կը գնէի զայն: Լե­զուի պատ­նէ­շը ակնյայտ է եւ հա­կառակ INALCO-ի եւ Զար­մա­նազա­նի նման հաս­տա­տու­թիւննե­րու ան­խոնջ ջան­քե­րուն՝ արեւմտա­հայե­րէնը կար­ծէք թէ կը նա­հան­ջէ: Սա ցայ­տուն կեր­պով կ՚երե­ւի գիր­քի ցու­ցա­հան­դէսնե­րու կրպակ­նե­րուն վրայ, ուր այժմ ֆրան­սե­րէնն է որ կը տի­րապե­տէ:

Կը մնայ յար­գանքի տուրք մա­տու­ցել Գրի­գոր Պըլ­տեանին եւ ող­ջունել անոր յա­րատե­ւու­թիւնը, որ բե­ղուն եւ փայ­լուն գրո­ղի իր աս­պա­րէզին կող­քին՝ ըրաւ աւե­լին, քան՝ յար­գել Նի­կողոս Սա­րաֆեանի բաղ­ձանքը՝ հրա­տարա­կելով «Վէն­սէ­նի ան­տա­ռը» պատ­մուածքնե­րու ժո­ղովա­ծուն 1988-ին (որուն մէջ տա­կաւին թարգմա­նուե­լիք շատ պատ­մուածքներ կան), բայց նաեւ «Լոյ­սի ցա­ւեր»-ը 2000-ին, եւ վեր­ջա­պէս «Վէ­պեր»-ը՝ 2020-ին։

Ա. Տ.