Արարատ Միրզոյեանը՝ Պաքուի հայ գերիներու մասին

baku-prisoners-2

Խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու վերադարձի հարցին եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:

Ան նշած է, որ պահուող անձերու եւ գերիներու վերաբերեալ Երեւանի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ: “Ես կը նախընտրեմ այս մասին հրապարակաւ եւ բարձրաձայն չխօսիլ, այլ՝ գործնապէս աշխատիլ: Երբ արդիւնք ըլլայ, ամբողջ հանրութիւնը պիտի տեղեկացուի”,– յայտնած է նախարարը:

Միրզոյեան ողջունած է վերջերս չորս գերիներու ազատ արձակումը՝ ընդգծելով, որ մնացեալ բոլոր պահուող անձերու ըստ կարելւոյն շուտափոյթ հայրենադարձութիւնը ա՛լ աւելի պիտի ամրապնդէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հաստատուող խաղաղութիւնը:

Ան աւելցուցած է, որ այս ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին, եւ հարցը նախ եւ առաջ կը քննարկուի ազերպայճանցի գործընկերներուն հետ. “Այս պահուն տակաւին նոր արդիւնք չկայ: Ասիկա այնպիսի հարց մըն է, որ կա՛մ արդիւնք կայ, կա՛մ չկայ: Սակայն մենք կ՚աշխատինք, եւ այս խնդիրը չի կրնար դուրս մնալ մեր օրակարգէն”:

Յիշեցնենք, որ Յունուար 14-ին Ազերպայճան ազատ արձակած էր չորս գերի՝ Գէորգ Սուճեանը, Դաւիթ Դաւթեանը, Վիգէն Էօլճեքճեանը եւ Վագիֆ Խաչատրեանը, որոնք հայկական իշխանութիւններուն յանձնուած էին Արցախի դարպասներուն մօտ գտնուող Հակարիի կամուրջին վրայ:

Մինչեւ օրս Ազերպայճան ապօրինաբար անազատութեան մէջ կը պահէ 19 հայեր, որոնց շարքին են Արցախի նախկին քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան շարք մը ներկայացուցիչներ:

Ազերպայճանի մէջ ամբողջութեամբ շինծու քրէական գործերու հիման վրայ յարուցուած դատավարութիւններու աւարտին, Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, նախկին Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանն ու Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը դատապարտուած են ցմահ բանտարկութեան:

Իսկ Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը, իրենց տարիքին բերումով, դատապարտուած են 20 տարի բանտարկութեան: Միեւնոյն ժամանակ, Մատաթ Բաբայեանն ու Մելիքսեթ Փաշայեանը դատապարտուած են 19, Գարիկ Մարտիրոսեանը՝ 18, Դաւիթ Ալավերդեանը՝ 16, իսկ Էրիք Ղազարեանը, Գուրգէն Ստեփանեանն ու Վասիլի Բեգլարեանը՝ 15 տարի բանտարկութեան: