ՎՐԱՍՏԱՆ – Իլիա Բ.-ի աճիւնը ամփոփուեցաւ Սիոնի տաճարին մէջ 

705

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը չկարողացաւ մեկնիլ Թիֆլիս

Վրաց ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ եր­կա­րամեայ հո­վուա­պետ, կա­թողի­կոս-պատ­րիարք Իլիա Բ.-ի վախ­ճա­նու­մը հա­մաժո­ղովրդա­յին խոր սու­գի մատ­նած է Վրաս­տա­նը:

93-ամեայ պատ­րիար­քին՝ Մարտ 22-ին նա­խատե­սուած յու­ղարկա­ւորու­թեան նա­խոր­դող օրե­րուն, Վրաս­տա­նի մայ­րա­քաղա­քին փո­ղոց­նե­րը ողո­ղուած էին հա­զարա­ւոր սգա­կիր քա­ղաքա­ցինե­րով, որոնք հոծ խումբե­րով հա­ւաքուած էին վեր­ջին հրա­ժեշ­տը տա­լու իրենց հո­գեւոր առաջ­նորդին: Այս ան­նա­խադէպ բազ­մութեան ներ­կա­յու­թիւնը առա­ւելա­բար պայ­մա­նաւո­րուած էր պատ­րիար­քին աճիւ­նին մայր տա­ճար փո­խադրման սու­գի թա­փօրով. անոր բաց դա­գաղը հրա­պարա­կաւ դրուած էր ի տես ժո­ղովուրդին՝ պաշ­տօ­նական հո­գեհան­գիստի հա­մար, որ­պէսզի հա­ւատա­ցեալ­նե­րու հոծ զան­գուած­նե­րը կա­րենան մօ­տենալ եւ յար­գանքի տուրք մա­տու­ցել իրենց սի­րելի առաջ­նորդին:

Կի­րակի, Մարտ 22-ի առա­ւօտեան, յու­ղարկա­ւորու­թեան արա­րողու­թիւնը սկսաւ Թիֆ­լի­սի նո­րակա­ռոյց եւ վե­հաշուք Սուրբ Եր­րորդու­թիւն (Սա­մէպա) տա­ճարին մէջ մա­տու­ցուած Սուրբ պա­տարա­գով, որուն նա­խագա­հեցին տե­ղապահ Շիօ մետ­րո­պոլիտն ու Տիեզե­րական պատ­րիարք Բար­թուղի­մէոս Ա.-ն, եւ որուն ներ­կայ գտնուեցան ուղղա­փառ եկե­ղեցի­ներու հինգ պե­տեր: 

Պատա­րագը մա­տու­ցո­ւեցաւ բա­ւական նեղ շրջա­նակի մէջ, առանց լայն հա­սարա­կու­թեան. ներ­կայ էին միայն կա­ռավա­րու­թեան ան­դամնե­րը եւ աւե­լի քան 40 պա­տուի­րակու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ: Հա­յաս­տա­նէն արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցան,– պե­տական մա­կար­դա­կով,– ՀՀ նա­խագահ Վա­հագն Խա­չատու­րեանն ու Կրթու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ մար­զանքի նա­խարար Ժան­նա Անդրէասեանը:

Հա­ւատա­ցեալ­նե­րը կա­րողա­ցան հե­տեւիլ պա­տարա­գին թէ՛ եկե­ղեց­ւոյ մօտ, թէ՛ ալ ամ­բողջ քա­ղաքին մէջ տե­ղադ­րո­ւած հսկա­յական պաս­տառներէն։

Հա­կառակ հան­րա­յին լայն սպա­սումնե­րուն, թէ Իլիա Բ. հա­ւանա­բար պի­տի թա­ղուէր այս նոյն տա­ճարին մէջ, յետ­մի­ջօրէի սու­գի թա­փօրը աճիւ­նը տե­ղափո­խեց պատ­մա­կան Սիոնի մայր տա­ճար, ուր կա­տարուեցաւ վերջնա­կան ամ­փո­փու­մը: Այս որո­շու­մը կա­յացուած էր՝ հիմ­նուելով հան­գուցեալ պատ­րիար­քին անձնա­կան կտա­կին վրայ, ուր ան փա­փաք յայտնած էր հանգչե­լու վրաց հո­գեւոր առաջ­նորդնե­րու աւան­դա­կան հանգստա­րանին մէջ:

Յու­ղարկա­ւորու­թեան նա­խօրեակին, հա­յաս­տա­նեան մա­մու­լին մէջ լայն տեղ գտած էին Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոս Գա­րեգին Բ.-ի՝ Թիֆ­լիս մեկ­նե­լու եւ արա­րողու­թեան ան­ձամբ ներ­կայ գտնուելու հար­ցին շուրջ քննար­կումնե­րը: Անոր ճամ­բորդու­թիւնը կը մնար հար­ցա­կանի տակ, քա­նի որ Կա­թողի­կոսին դէմ հաս­տա­տուած՝ երկրէն բա­ցակա­յելու ար­գելքը տա­կաւին ի զօ­րու էր։ Այս կա­ցու­թեան բե­րու­մով, հա­ւանա­կան կը նկա­տուէր, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միածի­նը այս տխուր առի­թով Վրաս­տան ղրկէ միայն բարձրաս­տի­ճան հո­գեւո­րական­նե­րէ բաղ­կա­ցած յա­տուկ պա­տուի­րակու­թիւն մը՝ փո­խանակ Կա­թողի­կոսի անձնա­կան մաս­նակցու­թեան:

Այս անո­րոշու­թիւնը վերջնա­կանա­պէս փա­րատե­ցաւ Շա­բաթ, Մարտ 21-ին, երբ Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­միտէն պաշ­տօ­նապէս մեր­ժեց Կա­թողի­կոսի փաս­տա­բան­նե­րուն ներ­կա­յացու­ցած դի­մու­մը: Անոնք պա­հան­ջած էին առ­ժա­մաբար առ­կա­խել ճամ­բորդե­լու ար­գելքը՝ ըն­դա­ռաջե­լու վրաց եկե­ղեց­ւոյ պաշ­տօ­նական հրա­ւէրին: Գա­րեգին Բ.-ի փաս­տա­բան Արա Զօհ­րա­պեան խստօ­րէն դա­տապար­տեց քննչա­կան մար­մի­նի այս մեր­ժումը՝ զայն որա­կելով «ակնյայտ ապօ­րինի որո­շում մը, որ մեծ վնաս պի­տի հասցնէ մեր երկրի հե­ղինա­կու­թեան»։

Այսպէ­սով հաս­տա­տուե­ցաւ, որ Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը պի­տի չկա­րենայ ան­ձամբ մեկ­նիլ Թիֆ­լիս: Մինչդեռ մի­ջազ­գա­յին այլ հո­գեւոր առաջ­նորդներ, նե­րառեալ՝ Տիեզե­րական պատ­րիարք Բար­թուղի­մէոս Ա.-ն ու Վա­տիկա­նի ներ­կա­յացու­ցիչ կար­դի­նալ Քուրթ Քո­խը, ինչպէս նաեւ Ամե­րիկա­յի Ուղղա­փառ Եկե­ղեց­ւոյ առաջ­նորդ Թի­խոն մետ­րո­պոլի­տը, ան­ձամբ ժա­մանած էին Վրաս­տան՝ իրենց յար­գանքի տուրքը մա­տու­ցե­լու պատ­մա­կան հո­վուա­պետին: ■