ԱԼՖՈՐՎԻԼ – «Շարժա-Փարիզ՝ հաւաք-աշխատանոց»

PHOTO-2026-03-24-12-17-29

Ալֆոր­վի­լի Հայ մշա­կոյ­թի տան մէջ ե՛ւ՝ կազ­մա­կեր­պութեամբ, Մարտ 17-24 կա­յացաւ ՇԱՐ­ԺԱ-ՓԱ­ՐԻԶ՝ ՀԱ­ՒԱՔ-ԱՇ­ԽԱ­ՏԱՆՈՑ-ը, մաս­նակցու­թեամբ Շար­ժա­յի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ-ԱՄԷ) Օհան­նէ­սեան Ազ­գա­յին Միօրեայ վար­ժա­րանի ու­սուցիչ­նե­րուն: Հա­կառակ քա­ղաքա­կան ան­կա­յուն պայ­մաննե­րուն եւ պա­տերազ­մա­կան ծանր վի­ճակին, այս հա­ւաքին հա­մար Ֆրան­սա ժա­մանած էին 10 ու­սուցչու­հի եւ տնօ­րէնու­հին:

Ծրա­գիրը առա­ւօտեան կ’ընդգրկէր զանազան աշ­խա­տանոց­ներ եւ հան­դի­պումներ ար­դի ման­կա­վար­ժա­կան մե­թոտ­նե­րով դա­սաւան­դողնե­րու եւ այլ նո­րարար աշ­խա­տանքներ իրա­գոր­ծողնե­րու հետ, ինչպէս՝ Նո­րա Սա­րաֆեան-Թաշ­ճեանի, Անա­հիտ Սար­գի­սեանի, Անի Կար­մի­րեանի, Սէ­րուժ Յով­սէ­փեանի, Նո­րա Պա­րութճեանի եւ այ­լոց, իսկ կէ­սօրէ ետ­քե­րը կազ­մա­կեր­պուած էին այ­ցե­լու­թիւններ Փա­րիզի տե­սար­ժան վայ­րեր եւ հայ­կա­կանու­թեան հետ առնչուող կեդ­րոններ, ինչպէս Ինալ­քո­յի Արե­ւելեան լե­զու­նե­րու ու­սուցման հա­մալ­սա­րանի այ­ցե­լու­թիւն եւ տե­սակ­ցութիւն Անա­հիտ Տօ­նապե­տեան-Տե­մոփու­լո­սի հետ, Փէր Լա­շէզ գե­րեզ­մա­նատուն, Հայ ու­սա­­նող­­նե­­­րու ոս­­տան եւ հան­­դի­­­պում տնօ­­րէն Մի­­քայէլ Նշա­­նեանի հետ: Ծրա­­գիրը կ’ընդգրկէր նաեւ Ալ­­ֆորվի­­լի եւ Արա­­բական Միացեալ Էմի­­րու­­թիւննե­­րու հայ հա­­մայնքնե­­րու ծա­­նօթա­­ցում եւ «IMA – Արա­­բական աշ­­խարհի հիմ­­նարկ» ման­­րանկար­­չա­­­կան աշ­­խա­­­տանո­ց՝ Կա­­սիա Յա­­րու­­թիւնեանի ղե­­կավա­­րու­­թեամբ: Նաեւ վաս­տա­կաշատ խա­չու­հի­ներէն տի­կին Ար­շա­լոյս Սար­գի­սեան հիւ­րե­րուն ծա­նօթա­ցուց Ալ­ֆորվի­լը։ Հա­ւաք-աշ­խա­տանո­ցը իրենց այ­ցե­լու­թեամբ պա­տուե­ցին Ալ­ֆորվի­լի Հայց. առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւոր հո­վիւ Տի­րայր աւ. քհնյ Գը­լըճեանն ու Ալ­ֆորվի­լի հայ աւե­տա­րա­նական եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Ժիլ­պէր Լե­ւոնեանը։ Հիւր ու­սուցչու­հի­ները այ­ցե­լեցին Ալ­ֆորվի­լի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներն ու եկե­ղեցին ալ։

Աշխատանքնե­րու ըն­թացքին, ԱՄԷ-ի Հայ ազ­գա­յին վար­չութեան ներ­կա­յացու­ցի­չը հո­գաբար­ձութեան մօտ՝ Քրիս­տին Եփրե­մեան-Թո­սու­նեան առ­ցանց կա­պով ներ­կա­յացուց իրենց հա­մայնքն ու հա­ղոր­դեց դպրո­ցին ու անոր մա­տակա­րար­ման մա­սին յա­ւելեալ տե­ղեկու­թիւններ։

Վար­ժա­րանի տնօ­րէնու­հին՝ Վար­դուկ Գա­րակիւլլէեանը յայտ­նեց, որ դպրոցը կոչուած է բարերարներէն Օհան­նէ­սեանի անու­նով: Կի­րակ­նօ­րեայ այս վար­ժա­րանը հիմնուած է հինգ ու­սուցչու­հի­ներով, տէր հօր ղե­կավա­րու­թեամբ. “Մեր վար­ժա­րանը կը ղե­կավա­րէ հո­գաբար­ձութիւ­նը, որ Արա­բական Միացեալ Էմի­րու­թիւննե­րու վար­չութեան հո­վանիին տակ կը գոր­ծէ, իսկ տնօ­րէնու­թիւնը կը զբա­ղի վար­չա­կան եւ կրթա­կան ծրագ­րով։ 32 ու­սուցիչ-ու­­սուցչու­­հի­ներ ու­­նի դպրո­ցը, որու այ­սօ­րուան առաջ­նա­հեր­թութիւնն է նո­րարար մօ­տեցու­մով սոր­­վեցնե­­լը։ Ու­նինք 280 աշա­­կերտ. Հա­­յաս­­տա­նէն եւ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քէն են մեր ծնող­նե­րը եւ հե­տեւա­բար՝ մեր աշա­կերտնե­րը։ Կ՚ըն­­դունինք 3-16 տա­­րեկան երե­խաներ ու պա­տանի­ներ։ Շէն­­քը 13 դա­­սարան ու­­նի։ Միշտ նոր դա­սաւո­րումներ կ՚ընենք բո­լոր դի­մումնե­րուն տեղ տա­լու հա­մար։ Կը դա­­սաւան­­դենք հա­­յերէն, կրօն եւ հա­­յոց պատ­­մութիւն։ Դա­­սըն­­թացքի տե­­ւողու­­թիւնը երեք ժամ է։ Ու­­սուցիչ­­նե­­­րը կա­­մաւոր են։ Անոնք այ­­սօր հոս՝ Փա­­րիզ եկան եւ ու­­զե­­­ցին բան մը սոր­­վիլ”։

Հա­մայնքը կը կազ­մա­կեր­պէ նաեւ ամառ­­նա­­­յին եռօ­­րեայ ճամ­­բար Ապու Տա­­պիի եկե­­ղեց­­ւոյ տա­­րած­­քին Արա Խա­նոյեան եւ Օհան­նէ­սեան ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու աշա­կեր­տութեան համար:

Ալ­ֆորվի­լի Հայ Մշա­կոյ­թի տան տնօր­էնուհին՝ Նո­րա Սա­րաֆեան-Թաշ­ճեանը, Օհան­նէ­սեան վար­ժա­րանին հետ ու­նի 10 տա­րիէ աւե­լի ծա­նօթու­թիւն: Ան Պէյ­րութի Ճե­մարա­նին մէջ պաշ­տօ­նավա­րած տա­րինե­րուն առա­ջարկ մը ստա­ցած է Շար­ժա­յէն, եւ քա­նի մը տա­րի ամառ­նե­րը գա­ցած ու աշ­խա­տակ­ցած է Օհան­նէ­սեանի կազ­մին հետ: Հա­րազատ ներ­կա­յու­թիւն մըն է ան Օհան­նէ­սեան վար­ժա­րանի ու­սուցչու­հի­ներուն հա­մար, միշտ նե­ցուկ կը կանգնի անոնց՝ խորհրդատ­ւութեամբ, ծրա­գրեր մշա­կելով եւ աշ­խա­տանոց­ներ կազ­մե­լով: Փոխադարձ վստա­հու­թեան ու­ղի մըն է, ձե­ւաւո­րուած՝ այս տա­րինե­րուն ըն­թացքին, որ անընդհատ կը զար­գա­նայ ի շահ գոր­ծունէու­թեանց յա­ռաջաց­ման. “Կը փոր­ձեմ միշտ կապ հաս­տա­տել տար­բեր միու­թիւննե­րու, տար­բեր մշա­կու­թա­յին գոր­ծունէու­թեանց հետ, ինչպէս Անի Կար­մի­րեանին, որ Շար­ժա գնաց եւ ներկայացուց Զնտու­կը, Զար­մա­նազանն ու այլ ծրագ­րեր։ Իրենք մի­ջոցը չու­նին գիտ­նա­լու, թէ ինչե՞ր կը կատարուին։ Մենք ձե­ւով մը այդ բո­լորը հա­ւաքող եւ դէ­պի իրենց հո­սեց­նողն ենք։ Իրենք իրենց կը շատ­նան, ամէն տա­րի կ՚աճի թի­ւը։ Ինքնաշ­խա­տու­թեամբ կը բա­ցայայ­տեն ամէն ինչ։ Ու­նին խնա­մակալ մար­մին, ու­նին կրթա­կան հա­մակար­գէն լա­ւատե­ղեակ ան­ձեր խնա­մակա­լու­թեան մէջ։ Երբ Փա­րիզ եկայ, տնօ­րէնու­հիին՝ Վար­դուկին հետ խորհրդակ­ցե­ցանք եւ շա­րու­նա­կեցինք աշ­խա­տանքնե­րը հե­ռակայ։ Հի­մա որ Մշա­կոյ­թի տան Միօրեայ դպրո­ցի տնօ­րէնն եմ, որո­շեցինք այս եր­կու Միօրեայ դպրոց­նե­րու փոր­ձը ցոյց տալ եւ այսպէս ծա­գեցաւ այս ձեռ­նարկին գա­ղափա­րը”,– յայտնեց Նո­րա Սա­րաֆեան-Թաշ­ճեանը, ապա աւել­ցուց անդրա­դառ­նա­լով այս ձեռ­նարկնե­րուն նպա­տակին. “Նպա­տակն է ու­սուցչու­հի­ներուն ծա­նօթաց­նել նաեւ Փա­րիզը, աշ­խարհ մը, որ մե­զի կ՚առնչուի, ոչ միայն վայ­րը, այլեւ անոր պատ­մութիւ­նը, յի­շատակ­նե­րը։ Հա­ճելին եւ օգ­տա­կարը պէտք է միշտ միասին ըլ­լան երե­խանե­րուն եւ մե­ծերուն հա­մար։ Այս բո­լորը իրենց պի­տի օգ­նէ որ աշխատանքի ձե­ւերուն մա­սին վերստին մտա­ծեն, իրենց մի­ջավայ­րին յար­մարցնեն, նո­րու­թիւններ ընեն”։

Նախ­քան եզ­րա­փակե­լը, «Կե­սարի­նը՝ Կե­սարին» ասա­ցուած­քի տրա­մա­բա­նու­թեան հա­ւատա­րիմ՝ պէտք է ող­ջունել Ալ­ֆորվի­լի խա­չու­հի­ներուն այս առ­թիւ տա­րած աշ­խա­տան­քը, որոնք ջանք չխնա­յեցին հիւ­րե­րուն վե­րապա­հելու կա­րելի ամէ­նէն պատ­շաճ ըն­դունե­լու­թիւնը։

Թ. Շ. ■