Ֆրանսայի քաղաքապետական ընտրութիւններուն՝ հայազգի յաղթական թեկնածուները
Մարտ 15-ին եւ 22-ին երկու փուլով կայացած Ֆրանսայի քաղաքապետական ընտրութիւններուն, ֆրանսահայութիւնը վերստին ապացուցեց իր աշխուժ քաղաքացիական յանձնառութիւնն ու քաղաքական աճող կշիռքը։ Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին, յատկապէս հայաշատ քաղաքներու մէջ, բազմաթիւ հայազգի թեկնածուներ յաջողեցան ապահովել քաղաքային եւ թաղային աւագանիի աթոռներ։ Հարկ է նշել սակայն, որ ստորեւ ներկայացուած ցանկը բնաւ սպառիչ չէ. ան պարզապէս կը բաղկանայ մեր տեսադաշտին մէջ յայտնուած եւ մամուլի կողմէ արձանագրուած անուններէն, որոնք կու գան վկայելու համայնքին հպարտառիթ յաջողութիւններուն մասին։
Եւրոպայի ամէնէն մեծ հայկական համայնքներէն մէկը ունեցող Մարսիլիա քաղաքին մէջ, ուր քաղաքային խորհուրդի պաշտօնական կազմաւորումը տեղի պիտի ունենայ այս Շաբաթ օր, Պընուա Փայան վերընտրուեցաւ քաղաքապետի պաշտօնին: Ան իր կարգին պիտի նշանակէ քաղաքապետի տեղակալները՝ աւագանիի նորընտիր անդամներու շարքէն:
Մարսիլիոյ քաղաքային խորհուրդի ընտրուած հայազգի անդամներուն մէջ կը գտնուին Ազատ Պալալասը, Օտրէ Գաթեանը, Եանիք Օհաննէսեանն ու Ժիւլիէն Յարունեանը, որոնցմէ ոմանք հաւանաբար ստանձնեն նաեւ քաղաքապետի տեղակալի պատասխանատու պաշտօններ:
Մարսիլիոյ թաղային մակարդակներուն վրայ եւս հայկական ներկայութիւնը նկատելի է: 13-14-րդ թաղամասերուն մէջ խորհրդական ընտրուած են Մանօ Պանոյեանն ու Րաֆֆի Եալըճը: 2-րդ եւ 3-րդ թաղամասերուն մէջ աթոռ ապահոված է Օրելիէն Փըթիժան-Լեւոնեանը, իսկ 9-րդ եւ 10-րդ թաղամասերուն մէջ որպէս ընդդիմադիր խորհրդական ընտրուած է Գրիշա Մկրտիչեանը:
Մարսիլիայէն անդին, հայազգի գործիչները յաղթանակներ արձանագրած են Ֆրանսայի շարք մը այլ քաղաքապետարաններէն ներս.
• Ալֆորվիլ. ընտրուած են Կարօ Խաչիկեանը, Գրիգոր Քոսթիքեանը, Արաքս Տէր Գէորգեանն ու Սթեֆանի Նէտէլեանը:
• Իսի-լէ-Մուլինօ. աթոռ ապահոված է Արթիւր Խանճեանը:
• Արնուվիլ. ընտրուած են Մեսրոպ Ալթունեանը, Նեկտար Պալեանն ու Ռոզ-Մարի Ապուսէֆեանը:
• Լիոն. Ժագ Պալանճեան ընտրուած է թաղային խորհրդական 3-րդ թաղամասին մէջ:
• Վիէն. Լեւոն Սաքունց ընտրուած է քաղաքապետութեան ցանկէն. խիստ հաւանական է, որ դառնայ առաջին փոխքաղաքապետ։
• Սէն-Մարթէն-լը-Վինու. Քաղաքապետութեան մէջ աթոռ ապահոված է Անահիտ Մարտիրոսեանը:
• Նիս. ընտրուած է Ալեքսանտր Սարաճեանը:
Այս արդիւնքները ցոյց կու տան ֆրանսահայերու շարունակական ու եռանդուն մասնակցութիւնը երկրի քաղաքական եւ հանրային կեանքին՝ յատկապէս պատմականօրէն հայահոծ համայնքներ ունեցող շրջաններուն մէջ։
