Ժամանակակից Հայաստանը ընկերային գիտութիւններու ընդմէջէն
Աննախադէպ հայ-ֆրանսական երկխօսութիւն Փարիզի մէջ
Մարտ 18-ին, «Paris Cité» համալսարանը հիւրընկալեց բացառիկ գիտաժողով մը, որ համախմբած էր ֆրանսացի եւ հայազգի հետազօտողներ։ Անոնց նպատակն էր վերլուծել հայկական ընկերութեան խորքային փոխակերպումները՝ վերջին աշխարհաքաղաքական ցնցումներու լոյսին տակ։ Սուզում մը գիտական դիւանագիտութեան սիրտին մէջ, որ կենսական նշանակութիւն ունի երկրի ապագային եւ գերիշխանութեան համար։


Թէեւ Հայաստանը այսօր կը գտնուի համաշխարհային աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներու կեդրոնը, անոր ժամանակակից ընկերութիւնը հակասականօրէն կը մնայ անծանօթ՝ արեւմտեան հանրութեան եւ հետազօտողներուն համար։ Պատմականօրէն, մարդկային եւ ընկերային գիտութիւններու ուսումնասիրութիւնները մեծ մասամբ կեդրոնացած են 1915-ի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Սփիւռքի պատմութեան վրայ։ Այս բացը լրացնելու եւ երկրի ներքին ուժականութիւնները քաղաքական սովորական ճառերէն անդին վերլուծելու նպատակով, «Paris Cité» համալսարանը կազմակերպած էր «Ընկերային գիտութիւնները այսօրուան Հայաստանի մէջ» խորագրով աննախադէպ աշխատանիստ-օր մը։


Կազմակերպուած՝ «Paris Cité»-ի Մարդկային եւ ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքին եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին միջեւ «Erasmus+» գործընկերութեան ծիրէն ներս՝ PHILéPOL եւ CERLIS աշխատանոցներու աջակցութեամբ, այս բազմալեզու (ֆրանսերէն, հայերէն եւ անգլերէն) հանդիպումը մէկտեղեց ականաւոր մասնագէտներու տեսակէտները։ Միաժամանակ գիտական եւ մարդկային մօտեցումով առաջնորդուող այս ձեռնարկը յենած էր կազմակերպիչներուն՝ Հայաստանի հետ ունեցած անձնական եւ աշխարհաքաղաքական կապերուն վրայ։ Ակադեմական ծանօթ դէմքերու,– ինչպէս՝ Միքելա Մարցանոյի, Լուսինէ Գէորգեանի, Շուքրի Հմետի, Ռազմիկ Քէշիշեանի, Սեսիլ Լըֆեւրի, Գլէր Մուրատեանի եւ Քաթի Ռուսլէի,– հովանիին ներքոյ, խօսքը տրուեցաւ անմիջականօրէն դաշտի վրայ գործող առաջնակարգ հետազօտողներու։ Այս ակադեմական վեհաժողովին մարտահրաւէրն էր խորութեամբ վերլուծել հայկական հասարակութեան կրած փոփոխութիւնները՝ յետխորհրդային ժառանգութենէն մինչեւ 2018-ի Յեղափոխութիւն եւ մինչեւ 2023-ի Արցախի ողբերգական բռնագաղթը։

Զրոյցներու ընթացքին բանախօսները յիշեցուցին երկրին ապրած ցաւոտ ժամանակաշրջանը՝ յատկանշուած 1988-ի երկրաշարժին հետեւանքներով եւ 2020-ի ու 2023-ի պատերազմներու ցնցումներով։ Քաղաքագէտ Թալին Փափազեան («Sciences Po»-ի դասախօս եւ «Armenia Peace Initiative-API»-ի տնօրէն) յատկապէս նկարագրեց «բաժանման բարակ գիծի (ligne de crête) մը վրայ քալող» ազգ մը, որ կը գտնուի ծայրայեղ անորոշութեան մէջ, ինչ որ ա՛լ աւելի շեշտուած է Ռուսաստանի նահանջին եւ արեւմտեան աջակցութիւններու երկդիմութեան պատճառով՝ Ազերպայճանի յարատեւ յարձակումներուն դիմաց։ Անորոշութեան այս մթնոլորտին մէջ, օրուան աշխատանքները լոյս սփռեցին ժողովրդավարական տագնապի եւ անսպասելի տոկունութեան միջեւ տարուբերող ազգի մը հակասութիւններուն վրայ։ Նիկոլ Փաշինեանի՝ իշխանութեան գլուխը մնալը այսպէսով առնչուեցաւ հին վերնախաւերու մերժման եւ ենթակառոյցներու մարզէն ներս արձանագրուած շօշափելի յառաջխաղացքներու։ Միւս կողմէ, ժողովրդագրական որոշ կայունութիւն մը նկատուած է, քանի որ բնակչութեան թիւը պահպանուած կամ նոյնիսկ քիչ մը աճած է՝ շնորհիւ ռուս եւ ուքրաինացի գաղթականներու ներհոսքին, որ նոր շունչ մը տուած է տնտեսութեան։
Այս ցնցումներուն դիմաց, Երեւանի Պետական Համալսարանի բազմանդամ պատուիրակութիւնը՝ բաղկացած մարդաբաններ Ալեքսանդր Աղաջանեանէ եւ Եուլիա Անտոնեանէ, ինչպէս նաեւ ընկերաբաններ Նուարդ Մելքոնեանէ, Արամ Վարտիկեանէ եւ Յարութիւն Վերմիշեանէ, ընդգծեց հայկական պատմագրութեան խորքային վերանայման հրատապութիւնը։ Յաճախ որպէս դուրսի եւ ռուսակեդրոն տեսլականներէ չափազանց կախեալ նկատուող տեղական հետազօտութիւնը պէտք է, ըստ անոնց, կառուցէ տեղեկատուական եւ քաղաքական իսկական գերիշխանութիւն։ Ֆրանսական մեթոտաբանութիւններուն հետ արժէքաւոր երկխօսութիւն հաստատելով՝ այս հանդիպումը նախանշեց իսկական գիտական դիւանագիտութեան մը հիմքերը, որ կը միտի խզել փորձագէտներու մեկուսացումը։ Եզրափակելով այս հետաքրքրական բանավէճերը՝ Ռոպէր Այտապիրեան ողջունեց զեկոյցներուն դիպուկ բնոյթը եւ ջերմօրէն փափաք յայտնեց, որ աշխատանքներուն տեսագրութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ տարածուի YouTube-ի վրայ, որպէսզի առաւելագոյն թիւով մարդիկ օգտուին անկէ։

Թէեւ գործնականապէս անկարելի է անդրադառնալ բոլոր զեկոյցներուն, որոնք մէկը միւսէն աւելի հետաքրքրական եւ հարուստ էին, կ՚ուզենք ընդգծել երեւանեան համալսարանականներուն կողմէ ներկայացուած ուսումնասիրութիւններուն բազմազանութիւնն ու ճշգրտութիւնը։ Այսպէս, մարդաբան Ալեքսանդր Աղաջանեան փայլուն կերպով վերլուծեց խորհրդային անցեալի դերը հայկական մշակութային յիշողութեան մէջ՝ բաղդատական տեսանկիւնէ։ Իր գործընկերուհին՝ Եուլիա Անտոնեան, իր կարգին ներկայացուց խորհրդային ժամանակաշրջանի հայ արհեստագիտական մտաւորականութեան շատ հետաքրքրական մէկ մարդաբանութիւնը՝ համայնավարական ութոփիայի ընդմէջէն։ Իսկ ընկերաբան Յարութիւն Վերմիշեան անդրադարձաւ Արցախի բռնագաղթին հետեւանքով Երեւանի մէջ տեղահանութեան եւ բնակարանային անցումային վիճակի կիզիչ հարցերուն։
Այս խիտ զրոյցներու շարքին, մենք ընտրեցինք առանձնացնել այս օրուան ընթացքին զարգացուած երեք վերլուծութիւններ, որոնք յատուկ ուշադրութեան կ՚արժանանան՝ երկրի անմիջական մարտահրաւէրները հասկնալու համար։
Հայաստանը՝ բաժանման բարակ գիծի վրայ. ռազմավարական վերադասաւորում եւ ժողովրդավարական դիւրաբեկութիւն
Ուսումնասիրութեան օրուան բացման, քաղաքագէտ Թալին Փափազեան ներկայացուց երկրին վերջին փոխակերպումներուն խորքային մեկնաբանութիւնը։ Անաւարտ պատերազմի ելքի, դիւանագիտական վերադասաւորման եւ ժողովրդավարական անորոշութիւններու միջեւ, Հայաստան կը զարգանայ բաժանման բարակ գիծի մը վրայ, որ թէեւ այսօր քիչ մը աւելի լայն է քան 2020-ին, սակայն՝ թէ դէպի ո՞ւր պիտի առաջնորդէ, տակաւին շատ անորոշ է։
2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր, Հայաստան կ՚անցնի մեծ ցնցումներէ. ռազմական պարտութիւն, Արցախի հարցին, փաստօրէն (de facto), օրակարգէ անիրաւ դուրս մղում եւ հայ բնակչութեան բռնագաղթ, անվտանգութեան երաշխիքներու տկարացում եւ տարածաշրջանային միջավայրի արագ վերադասաւորում։ Այս պարունակին մէջ, 2025 0գոստոսի Ուաշինկթընի համաձայնագրերը կ՚երեւին որպէս բեկումնային պահ մը։
Թալին Փափազեան այս համաձայնագրերը կը նկարագրէ որպէս պատերազմական վիրաբուժութիւն՝ գործնապաշտական, անկատար, բայց գործնական լուծում մը։ Այս փաստաթուղթերը հայ-ազերպայճանական հակամարտութեան եզրերը կը տեղափոխեն դէպի տնտեսական ու ենթակառուցային հարցեր եւ փոխշահաւէտ լուծումներ։ Խօսքը ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան մասին չէ, այլ դիւանագէտներու խաղաղութեան, որ կը միտի աստիճանաբար կայունացնել կացութիւնը։ Թէեւ Հայաստանն ու Ազերպայճանը դեռ կը մնան ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւն բազմերանգ վիճակին մէջ, սակայն մնայուն ապալարումի հեռանկարը այժմ աւելի հաւանական կը թուի, քան թշնամանքի անմիջական վերսկսումը։
Զեկոյցը կ՚ընդգծէ աւելի խորունկ խզում մը. հայկական անվտանգութեան եւ հետեւաբար գերիշխանութեան յետխորհրդային բնատիպին վախճանը։ Անկախութենէն ի վեր, հայկական պետութիւնը իր գերիշխանութիւնը հիւսած էր Արցախի հակամարտութեան շուրջ՝ միաժամանակ յենլով Ռուսաստանի վրայ որպէս իր անվտանգութեան անշրջանցելի երաշխաւոր։ 2020-2023 հանգրուանը բացայայտեց անվտանգութեան այդ երաշխաւորին հանդէպ հաւատքին սնանկութիւնը։ Ազերպայճանական յարձակումներուն դիմաց ռուսական ուժերու կրաւորականութիւնը եւ Մոսկուայի ու Պաքուի միջեւ շահերու ժամանակաւոր համընկնումը վերջակէտ դրին այս հնացած եւ լիովին անհամաչափ կառոյցին։ 2022-ին, Երեւան փաստացիօրէն ընդունեց, որ դէմ-յանդիման կը գտնուի երկու հակառակորդի. մէկը կը սպառնայ իր գերիշխանութեան, միւսը՝ իր տարածքին։
Այս խզումը ճամբայ կը հարթէ ռազմավարական վերադասաւորման փուլի մը։ Հայաստան կը լծուի իր գործընկերութիւններու բազմազանացման եւ կը փորձէ վերասահմանել իր տարածաշրջանային դերը։ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» հասկացութիւնը կը ցոլացնէ այս կամքը՝ վերածել սահմանափակուած աշխարհագրական դիրք մը առաւելութեան մը, ներառուելով տարածաշրջանային կապերու եւ ենթակառոյցներու ցանցերուն մէջ (միջին միջանցք եւ անդրկասպեան ծրագրեր), որոնք կը վայելեն Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան նման համաշխարհային դերակատարներու աջակցութիւնը։ Զուգահեռաբար, Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ի յայտ կու գան աննախադէպ զարգացումներ՝ յատկանշուած ժամանակաւոր տնտեսական փոխանակումներով եւ անմիջական դիւանագիտական շփումներով, ինչ որ կ՚ենթադրէ խաղաղութեան հաստատումը աւելի ինքնավար կերպով կառավարելու կամք մը։
Ներքին ճակատի վրայ, այս փոխակերպումները տեղի կ՚ունենան 2018-ին սկսած ժողովրդավարացման մարմաջին մէջ, որ սակայն կը մնայ դիւրաբեկ։ 2026 Յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի հանդիսանան վճռորոշ պահ մը։ Խիստ «աշխարհաքաղաքական» հանգամանք ստացած են այս ընտրութիւնները, որոնց դրոյթները լայնօրէն կը գերազանցեն ազգային շրջանակը։ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան նկատմամբ հասարակութեան յոգնութիւնը անուրանալի է, սակայն իշխանութեան գլուխը գտնուող կուսակցութիւնը իրեն ի նպաստ ունի խաղաղութեան որոնման հաշուեկշիռ մը, հին վարչակարգի ուժերուն հանդէպ վանումը եւ քաղաքական տարբեր առաջարկի մասնատումը (շուրջ քսան կուսակցութիւն եւ թեկնածու պիտի ներկայանայ)։ Առայժմ, նոր խաղաքարտը Սամուէլ Կարապետեանն է՝ հայկական Իվանիշվիլին։ Ներքին քաղաքական դաշտը կը մնայ յատկանշուած՝ խիստ բեւեռացումով, կառուցային այլընտրանքի բացակայութեամբ եւ ռուսական ազդեցութեան լծակներով։ Ժողովրդավարացումը ո՛չ երկրորդական է, ո՛չ ալ անշրջելի։ Եթէ քուէարկութեան որակը չհամապատասխանէ ժողովրդավարական չափանիշերուն, գերիշխանութեան վերանուաճման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջխաղացքները կրնան վտանգուիլ։
Զեկոյցը կ՚ընդգծէ նաեւ ազգային յենակէտի վերասահմանման հետ կապուած լարումները։ Միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին վրայ կեդրոնացած Իրական Հայաստանի մը քարոզչութիւնը խզում մըն է Արցախի հակամարտութենէն ժառանգուած ինքնութենական կառոյցներուն հետ։ Այս զարգացումը անշուշտ կը տեղաւորուի դիւանագիտական բնականոնացման տրամաբանութեան մէջ, սակայն ըլլալով վերէն պարտադրուած՝ ան կը ստանայ պաշտօնական պատմագրութեան նախաձեռնութեան մը երեւոյթը։ Հանդարտ հանրային վիճարկումի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, ան կը յարուցէ բանավէճեր ու լարումներ, եւ չի յաջողիր հաշտեցնել արդէն իսկ կրկնուած ճգնաժամերէն պառակտուած հասարակութիւն մը։
Ազգային պատումի եւ քաղաքական խօսոյթի այս հարցերը պէտք է ուղեկցուին ընկերային գիտութիւններու լուսաբանումներով։ Հայաստանի մէջ, այս մարզը վերջերս կը զարգանայ՝ կայսերական կաղապարներէն անդին։ Ֆրանսայի մէջ, 2022-ի ուքրանական պատերազմէն ի վեր, յետխորհրդային ուսումնասիրութիւնները նոյնպէս կ՚ապակեդրոնանան։ Ասոնք խոհական այս երկու տարածքներուն միջեւ հանդիպման կարելի առիթներ են։
Քարոզչութիւն եւ «լռութեան ընկերաբանութիւն». Նուարդ Մելքոնեանի վերծանումը
Ընկերաբան Նուարդ Մելքոնեանի կողմէ ապատեղեկատւութեան ռազմավարութիւններու մանրակրկիտ վերծանումը կը պահպանէ իր ահազանգող սրութիւնը՝ Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններու սեմին։ Իր զեկոյցին ընթացքին, հետազօտողը մանրամասնօրէն վերլուծեց Արցախի ճգնաժամի (2022-2023) լուսաբանումը ռուսական պետական հեռատեսիլին կողմէ։ Անոր ուսումնասիրութիւնը, որ կատարուած է մէկ տարուան վրայ եւ հիմնուած է հայկական հանրային ցանցով հասանելի «Rossiya 1» եւ «Perviy Kanal» ալիքներէն սփռուող 21 քաղաքական թոլք-շօուներու վրայ, ի յայտ կը բերէ սուտերու տարափ կոչուած քարոզչական բնատիպի համակարգուած կիրարկումը։ Աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան այս ռազմավարութիւնը կը միտի ունկնդիրները խեղդել պարզունակ եւ յուզական լիցք պարունակող պատգամներու շարունակական ու արագ հոսքի մը տակ՝ բացարձակապէս անտեսելով փաստական ճշգրտութիւնը։
Մելքոնեան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ «լռութեան ընկերաբանութիւն» հասկացութիւնը։ Լաչինի միջանցքի տասնամսեայ շրջափակման ընթացքին, երբ 120.000 հոգի կենսական առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու սուր կարիքն ունէր, մարդասիրական տառապանքը գիտակցաբար ջնջուեցաւ ռուսական պաստառներէն, իսկ շրջափակում եզրը արգիլուեցաւ։ Միայն 2023-ի Սեպտեմբերի ռազմական սաստկացումէն ետք այդ լռութիւնը խզուեցաւ, իր տեղը զիջելով ապատեղեկատւութեան կործանարար ալիքի մը. արձանագրուած է 213 հակահայկական յայտարարութիւն։ Այս անողոք պատումը Հայաստանը կը ներկայացնէր որպէս դաւաճան պետութիւն մը՝ յարած Արեւմուտքին, միաժամանակ Ռուսաստանն ու Ազերպայճանը ներկայացնելով որպէս կարգուկանոնի օրինական երաշխաւորներ։ Այս բնատիպը ոչ միայն կ՚աղաւաղէ իրականութիւնը, այլեւ աշխուժօրէն կը ձեւաւորէ զայն. տեղեկատուական այս պատերազմը յառաջացուց օտար միջամտութիւններու դիմաց հայկական խոցելիութեան իսկական գիտակցում մը, բարձրացնելով Հանրապետութեան ժողովրդավարական անվտանգութեան անյետաձգելի հրատապութեան հարցեր՝ խառնաձեւ սպառնալիքներու մեր դարաշրջանին։
Խորանի եւ պետութեան միջեւ. գերիշխանութեան տագնապ եւ Հայաստանեայց Եկեղեցին
Ընկերաբան Արամ Վարտիկեանի ելոյթը, իր կարգին, քննեց երկրի կառուցային ճեղքերը։ 2018-ի հայկական յեղափոխութիւնը՝ դէպի արդիականացում միտուած ժողովրդավարական խզում մը, յանգեցաւ իշխանութեան անակնկալ փոխանցման մը։ Այս քաղաքական փոխակերպման սակայն արագօրէն յաջորդեց կառուցային ճգնաժամերու շարք մը։ Համաճարակը, Արցախեան երկրորդ պատերազմի պարտութիւնը, աշխարհաքաղաքական մեկուսացումը եւ Արցախի անդառնալի կորուստը յառաջացուցին հեղինակութեան, իմաստի եւ հաւաքական գիտակցութեան խորունկ տագնապ մը։
Հակառակ այս ցնցումներուն՝ կառավարութիւնը մնաց իշխանութեան գլուխը՝ ամրապնդելով իր օրինականութիւնը հին վերնախաւերու դէմ ուղղուած մեղադրական ճառերով՝ աստիճանաբար միատարր դարձնելով քաղաքական դաշտը։ Այս գործընթացը ի վերջոյ ընդգրկեց նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցին՝ հաստատութիւն մը, որ պատմականօրէն օժտուած էր բարոյական եւ գոյութենական բացառիկ հեղինակութեամբ։ Երկար ժամանակ անձեռնմխելի նկատուող Եկեղեցին յայտնուեցաւ պետութեան հետ անմիջական ճակատումի մէջ՝ վարչապետին «Նոր Հայաստան, Նոր Կաթողիկոս» արշաւին հետեւանքով, որ ներկայացուեցաւ որպէս հաստատութենական մաքրագործման ծրագիր մը։
Յաջորդած հակամարտութիւնը յատկանշուեցաւ հրապարակային մեղադրանքներով, բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ քրէական հետապնդումներով եւ փոխադարձ եկեղեցական պատիժներով։ Դերասանական բարձր աստիճան ունեցող այս գործելաոճերուն դիմաց՝ հասարակութեան արձագանգները կը ներկայացնեն եռակողմ կառոյց մը։ Հանրային խօսոյթը բեւեռացաւ արմատական եկեղեցական բարեփոխում պահանջող ճամբարի մը եւ ապաօրինականացած գործադիր իշխանութեան մը դիմաց Եկեղեցւոյ անձեռնմխելիութիւնը հաստատող միւս ճամբարին միջեւ։ Այս երկու բեւեռներու կողքին կայ թուապէս գերակշռող, բայց քաղաքականապէս կրաւորական մեծամասնութիւն մը՝ յատկանշուած յանձնուողականութեամբ։ Յենլով կրամշիական տեսութիւններու վրայ՝ Արամ Վարտիկեան այս պարագան կը հայեցակարգէ որպէս գերիշխանութեան բազմաչափ ճգնաժամ, ուր ո՛չ արդիականացնող քաղաքական վերնախաւը, ո՛չ ալ պահպանողական կղերական հեղինակութիւնը կը յաջողին յօդակապել հետեւողական ծրագիր մը։ Այսպէսով, իշխանութիւնը կը վերարտադրուի փոխադարձ ապաօրինականացման եւ կենսունակ այլընտրանքներու բացակայութեան միջոցով։
ՇԱՆԹ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ ■
