ՓԱՐԻԶ – API-ի տարեկան ընթրիքը
Հայաստան. Փորձագիտութիւնն ու գործակցութիւնը՝ API-ի տարեկան ընթրիքի առանցքին
Չորեքշաբթի, Մարտ 18-ին, Փարիզի rue de l’Université-ին վրայ գտնուող «Պետրոսեան» ճաշարանի նրբաճաշակ սրահներուն մէջ աւելի քան վաթսուն մասնակիցներ համախմբուեցան API-ի (Armenia Peace Initiative – Հայաստանի խաղաղութեան նախաձեռնութիւն) կազմակերպած տարեկան հաւաքին: «Խաղաղութեան կարելիութիւն ընձեռել անկայուն միջավայրի մը մէջ» խօսուն խորագիրը կրող այս հանդիպումը փայլուն կերպով միատեղեց ռազմավարական վերլուծութիւնն ու քաղաքացիական յանձնառութիւնը՝ լիովին համահունչ ներկայի աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներուն:


API-ի տնօրէն եւ Քաղաքական գիտութիւններու հիմնարկի (Sciences Po) դասախօս Թալին Փափազեանի ղեկավարութեամբ, ձեռնարկը առիթ ընծայեց, որ ղեկավար կազմը՝ Փաթրիք Ափրիլ, Սեպասթիէն Պարկիրճեան, Էլոտի Կավրիլոֆ եւ Նիքոլա Ռընար, հանգամանօրէն ներկայացնեն կազմակերպութեան «2025-ի հաշուեկշիռն ու հեռանկարները»: Այս հարուստ զրոյցները լոյս սփռեցին շրջանային դժուարութիւններուն դիմաց շօշափելի եւ հետեւողական աշխատանք տանելու API-ի վճռակամութեան վրայ:


Այնուհետեւ, քննարկումները ստացան յատկապէս ռազմավարական տարողութիւն՝ շնորհիւ երկու պատուոյ հիւրերու ելոյթներուն: Ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու միջերկրականեան հիմնադրամի (FMES) ընդհանուր տնօրէն ծովակալ Փասքալ Օսէօր ներկայացուց համաշխարհային աշխարհաքաղաքական միտումներու յստակ վերլուծութիւն մը: Անոր խորաթափանց դիտարկումները թոյլ տուին վերծանել Կովկասի դրացնութեամբ գործող կեդրոնախոյս ուժերը՝ Ուքրաինայէն մինչեւ Միջին Արեւելք, ինչպէս նաեւ այսօր Հայաստանի համար անկէ բխող՝ ապահովութեան կենսական վտանգները:

Որպէս պատուոյ հիւր՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի իր ելոյթին ուրուագծեց Երեւանի մէջ 2026-ի գարնան պատմական հեռանկարները: Ան յատկապէս ընդգծեց ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու աննախադէպ վերելքն ու Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն մերձեցումը, նկատի ունենալով նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի պաշտօնական այցն ու Մայիսի սկիզբը նախատեսուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովը:

Ի վերջոյ, բարձր մակարդակի այս հանդիպումը վերահաստատեց ներկաներուն ալ բաժնած այն համոզումը, թէ շրջանային շարունակական անկայունութեան դիմաց միայն փորձագիտական հմտութիւններու տիրապետումը, միջազգային գործակցութեան ամրապնդումն ու զսպման իրական կարողութիւնը կրնան խաղաղութեան շօշափելի կարելիութիւն մը ընծայել:

Armenia Peace Initiative. Զօրակցական կամուրջ մը՝ յանուն յարատեւ խաղաղութեան
Ֆրանսայի մէջ հաստատուած «Հայաստանի Խաղաղութեան Նախաձեռնութիւն»-ը (API) ապաքաղաքական հիմնադրամ մըն է. կը ծառայէ որպէս իսկական կամուրջ սփիւռքի եւ տեղւոյն վրայ՝ Հայաստանի մէջ առկայ հրատապ կարիքներուն միջեւ՝ յարատեւ խաղաղութիւն կերտելու նպատակով։ Անոր գործունէութիւնը գլխաւորաբար կը միտի աջակցիլ մարդկային անվտանգութեան, դիմադրողականութեան բարձրացման եւ խաղաղութեան՝ Հարաւային Կովկասի, յատկապէս՝ Հայաստանի մէջ։ Ստեղծուած ըլլալով 2016-ի Չորսօրեայ պատերազմի օրերուն, կազմակերպութիւնը բուռն զօրաշարժի ենթարկուեցաւ Արցախի 2020-ի պատերազմէն ետք՝ օգնութեան փութալու վիրաւոր զինուորներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ տեղահանուած բնակչութեան։
Գործնական գետնի վրայ, API կ՚իրագործէ քաղաքացիական անվտանգութեան ամրապնդման ընդարձակ ծրագրեր, յատկապէս՝ MARCH ընթացակարգին վրայ հիմնուած առաջին օգնութեան դասընթացքներու միջոցով։ Ասոնք նախատեսուած են վտանգի ենթակայ սահմանամերձ շրջաններու՝ Տաւուշի, Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի քաղաքացիներուն համար։ Ցարդ աւելի քան 700 անձեր վերապատրաստուած են եւ օժտուած՝ փրկարարական պայուսակներով։ Մարդասիրական հրատապ օգնութենէն անդին, Հիմնադրամը գործօն կերպով կ՚աջակցի դիմադրողականութեան բարձրացման եւ կրթութեան ծրագրերու։ Օրինակ՝ ան կը հովանաւորէ Relq թուային դպրոցը, որ արհեստավարժական վերահամարկման, ներառականութեան եւ վերակառուցման նպաստող նախաձեռնութիւն մըն է։ Նոյն ծիրին մէջ, API կը սատարէ բարձր արհեստագիտութեան գիտելիքներու տարածման եւ կենսական տեղեկացման արշաւներ կ՚իրականացնէ համացանցային անվտանգութեան մարզին մէջ։
Այս համապարփակ յանձնառութեան ազդեցութեան ու լրջութեան որպէս ապացոյց կարելի է նշել անոր հաստատած ամուր գործընկերութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ Հայաստանի Ճգնաժամային կառավարման պետական ակադեմիային հետ գործակցութիւնը։ Հակամարտութեան պայմաններուն մէջ նախաձեռնութեան կողմէ տարուած ակնառու աշխատանքը, ի դէպ, պաշտօնապէս գնահատուած է յատուկ յիշատակումով մը՝ 2024-ի Մարդկային իրաւանց մրցանակաբաշխութեան ընթացքին։
ՇԱՆԹ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ ■
